«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Գրիգոր Աստարճեան (1885, Մարաշ – 4 Մարտ 1983, Պէյրութ), հայ բժիշկ, մշակութային գործիչ։
Ծնած է Մարաշ 1885-ին: Նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի թաղային դպրոցը, իսկ միջնակարգ ուսումը՝ Ազգային Կեդրոնական վարժարանը, ուրկէ շրջանաւարտ կ’ըլլայ 1903-ին: Այնուհետեւ կը սկսի հետեւիլ պետական լիսէի դասընթացքներուն, ուր կը ծանօթանայ արաբերէն լեզուին, որուն ուսուցումը պարտադիր էր այդ օրերուն: 1905 թուականին ընթացաւարտ ըլլալէ ետք, մասնաւոր յանձնարարութիւններով ու բարձր գնահատականով մուտք կը գործէ Կ․Պոլսոյ բժշկական համալսարանը, որուն ընթացքը կ’աւարտէ 1911-ին: Ապա կը մտնէ բանակ: Կը մասնակցի պալքանեան պատերազմին: 1914-ին իբրեւ պետական բժիշկ կը հաստատուի Մուսուլ (Իրաք): 1915-ին մաս կը կազմէ Մուսուլի կուսակալ Հայտար Բեկի սպայակոյտին: Իր դիրքին ու ստեղծած բարեկամական կապերուն շնորհիւ՝ մեծապէս օգտակար կը հանդիսանայ գաղթական էրզրումցիներու կարաւանի մը Մուսուլ հաստատուելուն: 1916-ին կը տեղափոխուի Զայիօ, ուր կը մնայ մինչեւ 1922, երբ կը վերադառնայ Մուսուլ: Հոն կը մնայ մինչեւ 1956: Ամբողջ երեսուն հինգ տարի կը մասնակցի մուսուլահայ գաղութի կազմակերպումի ու ղեկավարումի աշխատանքներուն: 1956-ին կը փոխադրուի Պաղտատ, իսկ 1959-ին վերջնականապէս կը հաստատուի Պէյրութ:
Գ․ Աստարճեան իր բժշկական ասպարէզին զուգահեռ, հետեւողականօրէն կ’ուսումնասիրէ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու պատմութիւնն ու մշակոյթը՝ նպատակակէտ ունենալով իւրաքանչիւրին ներկայացնել միւսին պատմութիւնն ու մշակոյթը: Այս գծով հայ եւ արաբ մամուլին մէջ ստորագրած իր բազմաթիւ յօդուածներէն անկախ՝ առանձին հատորներով կը հրատարակէ հետեւեալ ծաւալուն երկերը․
«ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻԻՆ» (արաբերէն) (Մուսուլ, 1951), «ՀԱՑ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻԻՆ» (Մուսուլ, 1954), «ՑԱՒԵՐ ՈՒ ԵՐԱԶՆԵՐ» (Հայ գեղարուեստական էջերէ թարգմանութիւններ) (Պաղտատ, 1957), իսկ հայերէնով՝ «ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻԻՆ (Պէյրութ, 1961), «ՊԱՏՄՈՒԹԻԻՆ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ» (Պէյրութ, 1970):
Գ․ Աստարճեան կը մահանայ Պէյրութ 4 Մարտ 1983-ին: