«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Աշոտ Գրաշի (Աշոտ Պաղտասար Գրիգորեան, 9 Մայիս 1910, Պաքու – 28 Փետրուար 1973, Երեւան), հայ բանաստեղծ, թարգմանիչ, ԽՍՀՄ գրողներու միութեան անդամ 1935 թուականէն։ ԽՄԿԿ անդամ 1941 թուականէն: Գրաշի գրական անունը կազմուած է բանաստեղծի ազգանուան եւ անուան սկզբնատառերէն:
Ծնած է Պաքու։ 1929 թուականին աւարտած է տեղի Ալեքսանտր Միասնիկեանի անուան հայկական դպրոցը, 1933 թուականին՝ Երեւանի պետական համալսարանի պատմագրական բաժինը։ 1933-1946 թուականներուն եղած է Պաքուի Վ. Ի. Լենինի անուան գրադարանի հայկական բաժնի վարիչը, Ազրպէյճանի խորհրդային գրողներու միութեան հայկական բաժանմունքի քարտուղարը, «Կոմունիստ» հայերէն թերթի արուեստի եւ գրականութեան բաժնի վարիչը։
1946 թուականին տեղափոխուած է Երեւան։ Գրաշիի բանաստեղծութիւնները թարգմանուած են ԽՍՀՄ ժողովուրդներու շարք մը լեզուներով։ Մահացած է Երեւան։