Շաբաթ, 15. 02. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՄԻՔԱՅԷԼ ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Միքայէլ Մանուէլեան (26 Փետրուար 1877 – 7 Հոկտեմբեր 1944), յայտնի դերասան եւ արձակագիր։

Ծնած է Թիֆլիս։ Փոքր տարիքէն կը նուիրուի թատրոնի։ Մոսկուայի մէջ հետեւած է դերասանական դասընթացքներու։

Երեւանի «Սունդուկեան» թատրոնի հիմնադիրներէն է։ Գրած է պատմուածքներ եւ թատերախաղեր, որոնցմէ ծանօթ են «Հրաբուխը» եւ «Գործադուլը»։ Պարզ մարդոց կեանքն ու հոգեկան տագնապները արտայայտող գործեր են։

Ազրպէյճաներէն լոյս տեսած է իր «Մի գլխարկի պատմութիւն» գիրքը (Պաքու, 1931)։

Պարգեւատրուած է Աշխատանքային կարմիր դրօշի շքանշանով։ Մահացած է Երեւան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին