«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Տիմիթրի Պաքրաձէ (7 Նոյեմբեր 1826, Խաշմի, Թելաւի գաւառ, Վրաստանի նահանգ, Ռուսական կայսրութիւն (այժմ՝ Սակարեճոյի շրջան, Կախեթի մարզ, Վրաստան) – 22 Փետրուար 1890, Թիֆլիս, Ռուսական կայսրութիւն), վրացի պատմաբան, հնագէտ, Սենթ Փեթեսրպուրկի գիտութիւններու ակադեմիոյ թղթակից անդամ(1879 թուականին):
Ծնած է 1826 Հոկտեմբեր 26-ին (Նոյեմբեր 7-ին) Խաշմի գիւղը, հոգեւորական ընտանիքի մէջ:
1851-ին կ’աւարտէ Մոսկուայի հոգեւոր ակադեմիան:
1861 թուականէն կ’աշխատի Ռուսական աշխարհագրական միութեան Կազանի բաժանմունքը։ Կը մասնակցի Կովկասի՝ Ռուսական կայսրութեան միանալուն վերաբերող փաստաթուղթերու հրապարակութեան (հրատարակութիւնը կ’իրականացուի Կովկասի հնագրագիտական յանձնաժողովին կողմէ 1873-1875 թուականներուն): 1874 թուականին կ’առաջարկէ կազմակերպել Կովկասի հնագիտութեամբ հետաքրքրուողներու միութիւն մը:
Տիմիթրի Պաքրաձէի աշխատութիւններու շարքին մէջ կ’առանձնանան վրացերէն հրատարակուած «Վրաստանի պատմութիւն» (1889), «Վրաստանն ու վրացիները» (1854), ինչպէս նաեւ ռուսերէն հրատարակուած «Կովկասը քրիստոնէական հնագոյն յուշարձաններուն մէջ» (1875), «Հնագիտական ճանապարհորդութիւն Վրաստանի ու Աճարիոյ մէջ» (1878), «Յօդուածներ Վրաստանի պատմութեան ու հնութիւններու մասին» (1887):
Պաքրաձէի նախաձեռնութեամբ Թիֆլիսի մէջ կը կազմակերպուի «հնապահոց» (թանգարան):
Կը մահանայ 1890 Փետրուար 10-ին (22-ին) Թիֆլիս: