«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Միխայիլ Ալեքսանտրովիչ Շոլոխով (11 Մայիս 1905, Քրուժիլինսկի, Շոլոխովսկի շրջան, Ռոստովի մարզ, Ռուսիա – 21 Փետրուար 1984, Ռոստովի մարզ, ՌԽՖՍՀ, ԽՍՀՄ), ռուս արձակագիր, հրապարակախօս, Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր (1965)՝ «Խաղաղ Տոն» վէպին համար։
Ծնած է գիւղացիի ընտանիքի մէջ, Ռոստովի մարզի Վիոշէնսկի շրջանը։ Մասնակցած է քաղաքացիական պատերազմին։ 1922 թուականին մեկնած է Մոսկուա, աշխատած է որպէս բեռնակիր, որմնադիր, հաշուետար։
Իր «Տոնի պատմուածքներ» եւ «Լազուր տափաստան» ժողովածուները նշանակալից երեւոյթ էին 20-ականներու խորհրդային գրականութեան մէջ։
1924-ին Շոլոխովը վերադարձած է Տոն եւ ձեռնամուխ եղած «Խաղաղ Տոն» վէպի ստեղծումին, որը հեղինակին ապահովեց համաշխարհային ճանաչում։ Շոլոխովի յաջորդ վէպը «Հերկած խոպանն» էր։
Հայրենական մեծ պատերազմի տարիներուն Շոլոխովը՝ որպէս թղթակից, եղած է ռազմաճակատի որոշ տեղամասերու մէջ, հրապարակած է յօդուածներ ու ակնարկներ («Տոնի մէջ», «Հարաւը», «Կազակները» եւ այլն)։ Լայն ճանաչումի արժանացած է հեղինակի «Ատելութեան գիտութիւնը» (1942) հրապարակախօսական պատմուածքը։ 1943-1944 թուականներուն մամուլին մէջ տպագրուած են «Անոնք կը մարտնչէին յանուն հայրենիքի» վէպէն առանձին գլուխներ։