Շաբաթ, 08. 02. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՍԱՐԳԻՍ ՍԷԼԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Սարգիս Սէլեան (20 Փետրուար 1880, Օվաճըք, Նիկոմիտիոյ գաւառակ, Պրուսայի նահանգ- անյայտ), հայ դեղագործ, ազգային գործիչ։

Ծնած է 1880 թուականի Փետրուար 20-ին Պրուսայի նահանգի Նիկոմիտիոյ գաւառակի Օվաճըք գիւղը։ 1905 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան դեղագործական վարժարանը։ 1905 թուականին տեղափոխուած է Տրապիզոնի նահանգի Սամսոն քաղաքը եւ որպէս կառավարական դեղագործ աշխատած է։ Իսկ 1907 թուականէն կառավարական դեղագործ աշխատած է Սիվրիհիսար քաղաքին մէջ։ Այստեղ ամուսնացած ու բացած է սեփական դեղատուն։ Շուտով դարձած է Սիվրիհիսարի ազգային գործիչներէն մէկը եւ ծաւալած է մշակութային, ազգային, քաղաքական աշխոյժ գործունէութիւն։

1914 թուականին՝ Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ Անգարայի իբրեւ զինուորական դեղագործ ծառայած է։ 1915 թուականին վերադարձած է Սիվրիհիսար եւ տեղի հայութեան հետ աքսորուած է մինչեւ Ռագգա։ Աքսորի ճամբուն վրայ կորսնցուցած է իր ընտանիքի 40 անդամները, իսկ ինքը հրաշքով փրկուած է։ Ռագգայի մէջ թաղապետական առողջապահական պաշտօնեայ եւ բժշկական փոխանորդ նշանակուած է ու աշխատելու ընթացքին բազմաթիւ տարագիրներ եւ որբեր ազատած է մահէ։ Հետագային հաստատուած է Հալէպ եւ բացած է սեփական դեղատուն։ Որդին՝ Վազգէն Սէլեանը, Հալէպի մէջ դեղագործ էր։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին