«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Բարսեղ Մովսէս Տինանեան (1887, Ռոտոսթօ, Թուրքիա- 8 Փետրուար 1965, Կ. Պոլիս), հայ բժիշկ, հասարակական գործիչ, ուսուցիչ։
Ծնած է 1887 թուականին Թուրքիոյ եւրոպական մասի՝ Ռոտոսթօ քաղաքը, բժիշկ Մովսէս Տինանեանի ընտանիքէն ներս։ 1906 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանը։ 1911 թուականի Փետրուար 15-ին աւարտած է Փարիզի համալսարանի բժշկական բաժիը։ Եղած է ներքին հիւանդութիւններու մասնագէտ։ 1911 թուականին վերադարձած է Կ. Պոլիս եւ որպէս բժիշկ աշխատած։
1912 թուականին Պալքանեան պատերազմի ընթացքին Ատրիանապոլիս քաղաքին մէջ որպէս Օսմանեան բանակի բժիշկ ծառայած է՝ հարիւրապետի աստիճանով։ 1913-1914 թուականներուն մնայուն օգնական բժիշկ աշխատած է Կ. Պոլսոյ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի արտաքին բաժինէն ներս։ 1914 թուականին Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ ծառայած է Կ. Պոլսոյ Պուլկարական հիւանդանոցին մէջ։ Պարգեւատրուած է պուլկարական արքունիքի «Կարմիր խաչ» շքանշանով։ 1915 թուականի Ապրիլին բանտարկուած է Կ. Պոլսոյ կեդրոնական բանտը, ապա աքսորուած Չանղըրը։ Անունը փորագրուած է Չանղըրըի բանտին մէջ հաւաքուած համրիչին՝ 99 հատիկներէն 41-րդին վրայ։ Վերապրած է։
Եղած է 1919 թուականի Ապրիլ 11 (24)-ին Մեծ Եղեռնին նուիրուած առաջին սգահանդէսին կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն։ Եղած է հանրային գործիչ, «Կարմիր խաչ»-ի Կ. Պոլսոյ մասնաճիւղի ատենապետն ու Գարակէօզեան տան (որբանոց) մնայուն բժիշկը։ Զբաղած է նաեւ ուսուցչութեամբ։ Կ. Պոլսոյ Եսայեան վարժարանէն ներս դասաւանդած է առողջապահութիւն եւ կենսաբանութիւն նիւթերը։ Իր նախաձեռնութեամբ նոյն վարժարանին մէջ հիւանդապահներու դասընթաց կազմակերպած եւ դասաւանդած է։ Տարեգիրքերու եւ օրաթերթերու էջերուն մէջ տպագրուած բժշկագիտական եւ հրապարակախօսական յօդուածներու հեղինակ է։ Եղած է լաւ ջութակահար եւ բարձր գնահատանքի արժանացած է արուեստասէր շրջանակներէն ներս։
Մահացած է Կ. Պոլիս 1965 թուականի Փետրուար 8-ին՝ 78 տարեկան հասակին։ Զաւակներէն՝ Ժիրայր Տինանեան, բնակած է Փարիզ եւ եղած է ոչ միայն ներքին, այլ նաեւ սրտի հիւանդութիւններու բժիշկ։