«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մամիկոն Առուստամեան (7 Փետրուար 1910, գիւղ Էրջեք – 21 Յուլիս 1995, Երեւան), հայ փիլիսոփայ, փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտոր (1971), փրոֆեսոր (1972), Հայրենական մեծ պատերազմի մասնակից։
1923 թուականին աւարտած է տեղի եօթնամեայ դպրոցը, այնուհետեւ Կիրովապատի մանկավարժական ուսումնական հաստատութիւնը, 1940 թուականին՝ Ազրպէյճանի պետական համասլարանի պատմութեան բաժինը։ Համալսարանը աւարտելէ ետք նոյն տարին զօրակոչուած է խորհրդային բանակ, մասնակցած Հայրենական մեծ պատերազմին:
1945 թուականին ընդունուած է ԵՊՀ դասախօսական եւ գիտական կազմերու պատրաստութեամբ զբաղող բաժինը: 1950 թուականին պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւն: 1958 թուականին ստացած է դասախօսի կոչում:
1947-1986 թուականներուն դասաւանդած է ԵՊՀ-ի մէջ: 1948-1963 թուականներուն աշխատած է ԵՊՀ ԽՄԿԿ պատմութեան ամպիոնի դասախօս: 1969 թուականին պաշտպանած է դոկտորական ատենախօսութիւն, 1972 թուականին իրեն շնորհուած է փրոֆեսորի կոչում: 1973-1983 թուականներուն եղած է ԵՊՀ գիտական համայնավարութեան ամպիոնի վարիչ։
Գիտական հետազօտութիւնները կը վերաբերին ընկերվարական երկիրներու, ընկերվարութեան համերաշխութեան համակարգի զարգացման օրինաչափութիւններուն։ Հեղինակ է 80-է աւելի գիտական աշխատութիւններու՝ 5 մենագրութեան, դասագիրքերու, ուսումնամեթոտական ձեռնարկներու եւ բազմաթիւ յօդուածներու:
Պարգեւատրուած է Հայրենական պատերազմի II աստիճանի շքանշանով, մետալներով, ՀԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդի պատուոյ գիրերով: