Հինգշաբթի, 10. 10. 2024

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յովհաննէս Ամերիկեան (1 Մայիս 1843 – 5 Փետրուար 1879), կեղծանունը՝ Միհրդատ։ Ռուսահայ դերասան։

Ծնած է Ախալցխայի Ծինուբանի գիւղը 1843 Մայիս 1-ին։ Ներսէս Ե․ Կաթողիկոս պատահմամբ տեսնելով Ամերիկեանը՝ կը որդեգրէ եւ կ’ընդունի որպէս Ներսէսեան դպրոցի սան։ Այնտեղ ան կը ծանօթանայ գրականութեան ու գեղարուեստի, սիրելով թատերական գործը՝ կը մտադրէ հայոց կեանքէն ներս կանոնաւոր թատրոն հիմնել։ Մինչեւ այդ ժամանակները, շատ քիչ ներկայացումներ կը տրուէին եւ գործը տակաւին չէր կանոնաւորուած։ Ձգելով Ներսէսեան դպրոցը՝ ան առաջին անգամ «Միհրդատ» ողբերգութեան մէջ բեմ կը բարձրանայ՝ կատարելով Միհրդատի դերը ու այդ օրուընէ իր անունը Միհրդատ կը մնայ։

1860 թուականին խաղալով «Դրաստամատ»-ի ու «Արշակ Բ.»-ի դերերը, կը հռչակուի իբրեւ դերասան։ Այս յաջողութենէն ոգեւորուած՝ կը վճռէ ընդմիշտ նուիրուիլ բեմին։ Թիֆլիսի հասարակութեան՝ հայոց թատրոնին նկատմամբ ունեցած անտարբերութիւնը ստիպեց Ամերիկեանը հեռանալու Թիֆլիսէն, ուստի ան 1874-ին կ’երթայ Փոթի, ուր հայերէն եւ վրացերէն լեզուներով կու տայ ներկայացում մը եւ կ’երթայ Կ․ Պոլիս։ Այնտեղ ալ կը սկսի խաղալ (Պէպօ, Արշակ Բ․ եւ այլն), սակայն յաջողութիւն չ’ունենար ու թոքախտով հիւանդացած՝ Թիֆլիս կը վերադառնայ։ Այստեղ ան հիւանդ դրութեան մէջ կը շարունակէ իր սիրած գործը, սակայն չարքաշ հիւանդութիւնը մէկ կողմէն, նիւթական վիճակը միւս կողմէն, կը խեղդեն զինք, եւ Ամերիկեան, իբրեւ վերջին ապաւէն, կը դիմէ հայ խմբագրատուներուն, օգնութիւն կը խնդրէ ու ձեռնունայն ելլելով՝ 1879 թուականի Փետրուար 5-ին ատրճանակով ինքնասպան կ’ըլլայ Թիֆլիսի մէջ։

Ամերիկեան աշխատակցած է «Կռունկ»-ին եւ «Մշակ»-ին, վերջինին շատ գեղեցիկ ու սրամիտ յօդուածներ տուած է «Զաքուճ» կեղծ ստորագրութեամբ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին