Ուրբաթ, 11. 10. 2024

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՈՍԿԱՆ ԵՐԵՒԱՆՑԻ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ոսկան Երեւանցի (նաեւ՝ Ոսկան Ջուղայեցի, 1614, Նոր Ջուղա, Սպահան, – 4 Փետրուար 1674, Մարսէյ, Ֆրանսա), հայ մշակութային գործիչ, տպագրիչ, լեզուաբան։

Իր ինքնակենսագրութիւնը՝ «Պատմութիւն Վարդապետին Ոսկանայ Երեւանցւոյ եւ կենցաղավարութիւն նորին» վերնագիրով ժամանակին հրատարակած է իր ձեռքով Առաքել Դաւրիժեցիի «Գիրք պատմութեան» (Ամսթերտամ, 1669) աշխատութեան վերջաւորութեան, որպէս գիրքի ԾԷ գլուխ։ 1666-1668 թուականներուն Ամսթերտամի է մէջ տպագրած է հայերէն Աստուածաշունչ մատեանը, որ կը նկատուի հայ հին տպագրութեան լաւագոյն նմուշներէն մէկը։ Մինչեւ 1669 թուակնաին լոյս կ’ընծայէ Մովսէս Խորենացիի «Աշխարհացոյց»-ը, Առաքել Դաւրիժեցիի «Գիրք պատմութեան»-ը, Վարդան Այգեկցիի առակները եւ այլն։ Տպագրական գործունէութիւն ծաւալած է նաեւ Լիվոռնոյի եւ Մարսէյի մէջ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին