«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յարութիւն Շմաւոնեան (1750, Շիրազ, Պարսկաստան – 2 Փետրուար 1824, Մատրաս), հայ հասարակական գործիչ, տպագրիչ, հայ առաջին պարբերականի՝ «Ազդարար»-ի հիմնադիր։
Ուսում ստացած է ծննդավայրին մէջ, քահանայ ձեռնադրուած է Ամենափրկիչ վանքին մէջ։ Մինչեւ 1777 թուական պաշտօնավարած է Շիրազի մէջ։ 1777-84 թուականներուն անցած է մենակեաց կեանքի, ինքնուրոյն ուսումնասիրած է պարսկերէն եւ արաբերէն լեզուներ ու գրականութիւն, փիլիսոփայութիւն, աստուածաբանութիւն, սորված է արհեստներ։
1784-ին որպէս աւագ քահանայ ուղարկուած է Մատրաս։ Տեղի հայութեան ծանօթացուցած է բրուտագործութեան, ձիթհանութեան եւ այլ արհեստներու։ 1789-ին հիմնադրած է Մատրասի երկրորդ հայկական տպարանը, իսկ 1794-ին` «Ազդարար»-ը։
1809-էն տպարանը յանձնած է իր աշակերտներուն, ամբողջապէս նուիրուած է գաղութի հասարակական-լուսաւորական կեանքին։ Ունեցած է ընդգծուած ռուսամէտ կողմնորոշում, սերտ կապերու մէջ եղած է Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յառաջադէմ շրջանակներուն հետ, հանգանակութիւններ կազմակերպած է ի նպաստ կրթական եւ մշակութային գործին։