spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ԷՏՈՒԱՐՏ ՈՒԹՈՒՃԵԱՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Էտուարտ Ութուճեան (ֆրանսէրէն՝ Édouard Utudjian, 12 Նոյեմբեր 1905, Կ. Պոլիս – 28 Յուլիս 1975, Շարթըր, Ֆրանսա), ֆրանսահայ քաղաքաշինարար, ճարտարապետ:

Իր կրթութիւնը ստացած է Ամերիկեան Ռոպերթ գոլէճին մէջ: 1934 թուականին աւարտած է Փարիզի համալսարամի քաղաքաշինական ճարտարապետութեան հիմնարկը, 1934-1936 թուականներուն ուսանած է յուշարձաններու վերականգնման դասընթացքներուն:

Ութուճեանի նախաձեռնութեամբ՝ 1933 թուականին Փարիզի մէջ կազմակերպուած է ստորգետնեայ քաղաքաշինութեան ընկերութիւն, որ 1937 թուականին դարձած է միջազգային, ընդգրկելով շուրջ 90 երկիր: Ընկերութեան 1937, 1948 եւ 1959 թուականի համագումարներուն Ութունճեան ընտրուած է քարտուղար: 1936 թուականին հիմնած է «Լը Մոնտ Սութերէն» («Le monde souterrain») մասնագիտական հանդէսը, որ պատասխանատու տնօրէն ու խմբագիրը եղած է մինչեւ կեանքին վերջը:

Փարիզի եւ Ֆրանսայի զանազան քաղաքներուն մէջ Ութուճեանի նախագիծերով կառուցուած են շուրջ 250 կառոյցներ: Ութուճեանի հեղինակակից է Փարիզի, Պորտոյի, Վերսայի, Ռուանի կոյուղիի ջուրերու մաքրման կայաններուն, Պաղտատ եւ Պասրա քաղաքներուն յատակագծման նախագիծերուն: Դասաւանդած է Փարիզի բարձրագոյն դպրոցներէն ներս, զբաղած է գիտահետազօտական գործունէութեամբ: Հեղինակ է բազմաթիւ գիտական յօդուածներու, «Հայաստանի 9-17-րդ դարերու յուշարձանները» (1967, ֆրանսերէն) գիրքին:

Անոր մասնակցութեամբ ու նախագիծերով վերականգնուած են որոշ յուշարձաններ, այդ կարգին՝ Երուսաղէմի մայրավանքի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին: Ութուճեան Փարիզի ստորգետնեայ տնտեսութեան նախագիծի համար համաշխարհային ցուցահանդէսի (Փարիզ 1937) արժանացած է «Մեծ պարգեւ» (Grand prix) մրցանակին։ Պարգեւատրուած է Ֆրանսայի «Պատուոյ լեգէոն»ի շքանշանով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին