Չորեքշաբթի, 15. 01. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ԱԼՖՐԵՏ ՊԵՌՆԱՐՏ ՆՈՊԵԼ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ալֆրետ Պեռնարտ Նոպել (Alfred Bernhard Nobel) (22 Հոկտեմբեր 1833, Սթոքհոլմ, Շուէտ – 10 Դեկտեմբեր 1896, Սանրեմօ, Իտալիա): Շուէտացի քիմիագէտ, ճարտարագէտ եւ գիտնական, որ ստեղծած է ուժանակը (պայթուցիկի նիւթ):

Ալֆրետ Նոպելը ծնած է Սթոքհոլմ, Շուէտ: Երրորդ զաւակն էր գիտնական Իմանուէլ Նոպելի (1801–1872) եւ Քարոլինա Անտրիէթի (1805–1889): Անոր հայրն ու մայրը ամուսնացած են 1827 թուականին եւ ունեցած 8 զաւակ: Ընտանիքին 3 զաւակները կը մահանան աղքատութեան պատճառով: Ողջ կը մնան միայն Ալֆրետը եւ իր միւս 3 եղբայրները:

Իր ընտանիքը «Նոպել» ազգանունը ժառանգած է անոնց մեծհօրմէն, որ 1775 թուականին «Նոպելիուս» ազգանունը կրճատեց «Նոպել»ի:

Երբ թերթերուն մէջ հաղորդուեցաւ, որ Նոպելի ստեղծած պայթուցիկ նիւթերը սկսած են գործածուիլ բանակներուն կողմէ պատերազմներու ընթացքին, Ալֆրետ որոշեց իր հարստութիւնը օգտագործել յօգուտ ժողովուրդին եւ այսպիսով ստեղծեց Նոպելեան մրցանակի կազմակերպութիւնը 1895 թուականին։

Ալֆրետը նաեւ գրած է մեծ թիւով վէպեր եւ բանաստեղծութիւններ, որոնցմէ միայն մէկ ստեղծագործութիւնը հրատարակուեցաւ։ Սակայն ժամանակ մը ետք, Նոպել կ’որոշէ իր ուժերը կեդրոնացնել քիմիագիտութեան մէջ։ 

Մահը

1891 թուականին Ալֆրետ Փարիզէն կը փոխադրուի Իտալիա: 10 Դեկտեմբեր 1896 թուականին ան սիրտի կաթուած մը ունենալով կը մահանայ: Անոր մարմինը թաղուած է իր ծննդավայրին մէջ՝ Սթոքհոլմ, Շուէտ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին