«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յակոբ Կարապենց (9 Օգոստոս 1925, Թաւրիզ – 20 Հոկտեմբեր 1994, Պոսթըն), հայ արձակագիր։
Ծնած է Թաւրիզ։ Երկրորդական ուսումը ստացած է Թեհրանի մէջ, իսկ բարձրագոյն ուսումը՝ Միացեալ Նահանգներ (Քոլումսլիա համալսարան, լրագրութիւն եւ հոգեբանութիւն): Գործած է լրագրական ճիւղի մէջ (ձայնասփիւռ): Ըստ անոր կենսագիրին՝ յաճախած է ռուսական մանկապարտէզ, տարրական կրթութիւնը եղած է ֆրանսական ու հայկական՝ Սէն Վենսան Տը Բոլ, ապա հայկական Հայկազեան–Թամարեան, միջնակարգը՝ պարսկական ու ֆրանսական, Սէն Լուի ճեմարան, իսկ բարձրագոյն եւ մասնագիտական պատրաստութիւնը՝ Քանսաս Սիթիի (Միզուրի) եւ «Գոլոմպիա» համալսարաններուն մէջ (Նիւ Եորք):
Գրական վաստակ
Պատանի տարիքէն սկսած է գրական փորձերը. տոգորուած էր իր ծննդավայրի ազգային եւ գաղափարական կենարար շունչով: Կը գրէր հայրենասիրական բանաստեղծութիւններ, որոնք լոյս տեսած են «Ալիք»ի մէջ։
Ամերիկեան թերթերու մէջ գրել սկսած է կանուխէն. Հայ մամուլին աշխատակցած է քերթուածներով, պատմուածքներով եւ փորձագրական յօդուածներով։
Առաջին հատորը՝ 1970ին, հրատարակած է «Անծանօթ Հոգիներ» պատմուածքներու շարքը, 1972ին՝ «Կարթագէնի Դուստրը» (վէպ), 1975ին՝ «Նոր Աշխարհի Հին Սերմնացանները»: 1981ին լոյս կը տեսնէ պատմուածքներու իր վերջին հատորը՝ «Միջնարար»: Հրատարակելի գործերն են՝ «Ադամ Նուրհան» (ժամանակակից վէպ), «Եւ Ղօղանջ Յաւերժական՝ Պարոյր Սեւակ» եւ փորձագրութիւններ՝ «Կիրակնօրեայ Հաղորդագրութիւններ» անունին տակ։
Մահացած է 1994ին Միացեալ Նահանգներ: