Կիրակի, 20. 04. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՖՐԵՏԷՐԻՔ ՇՈԲԵՆ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Ֆրետէրիք Շոբեն (լեհերէն՝ Fryderyk Franciszek Chopin 1 Մարտ 1810 – 17 Հոկտեմբեր 1849), լեհ յօրինող, երգահան։

Ծնած է 1810ին Վարշաւայի մօտ գտնուող Ժելեազովայ Վոլլեայ գիւղը։ Աշխարհահռչակ երաժիշտ եւ տաղանդաւոր դաշնակահար էր, սակայն չէր սիրեր համերգներ տալ։

Շոբէն կը համարուի «ռոմանթիկ երաժշտութեան» մեծագոյն վարպետներէն մէկը։ Գրած է դաշնամուրային ստեղծագործութիւններ։ Ընկերը՝ Ռոպերթ Շումանը, ըսած է, որ Շոբենի ստեղծագործութիւնները կը նմանին «ծաղիկներով ծածկուած թնդանօթներու»:

Շոբենի երաժշտութեան հրաշալի յատկութիւններէն մէկը իր հասանելիութիւնն է, որ օժտուած է բացառիկ մեղեդիութեան զգացումով։ Շոբեն ըսած է, որ իր երաժշտութեան ոգին մէկ բառով կարելի է արտայայտել. լեհերէն «ժալ» բառով։

Մանկութիւն

Շոբենի հայրը՝ Նիքոլայ Շոբենը, ֆրանսացի էր, որ 1787ին երբ Շոբէն 16 տարեկան էր, գաղթած է Լոթարինգայէն։ 1810ին Շոբէն մկրտուած է այն եկեղեցիին մէջ, ուր իր ծնողքը պսակուած էր։ Նոյն տարին Շոբենի ընտանիքը տեղափոխուած է Վարշաւա, ուր հայրը պիտի դասաւանդեր ֆրանսէրէն։ Շոբէն յաճախած է Վարշաւայի ճեմարանը 1823-1826 թուականներուն։ Շոբենի ընտանիքի բոլոր անդամները ունէին երաժշտական տաղանդ։ Այսպիսով, Շոբենը փոքր տարիքէն հմտացած է երաժշտութեան ասպարէզին մէջ։

Շոբենի առաջին դաշնամուրի ուսուցիչը եղած է Wojciech Zywny-ն։ Սակայն տաղանդաւոր Շոբենը շատ կարճ ժամանակի մէջ գերազանցեց իր ուսուցիչը։ 7 տարեկան երեխան սկսած եր արդէն մասնակցիլ ելոյթներու եւ ստեղծագործած էր 2 պոլոնեզներ։

 

Պատանեկութիւն

Մինչեւ 13 տարեկան Շոբենը կրթութիւնը ստացած է տունը։ 1823ին տեղափոխուեցաւ Վարշաւայի վարժարանը։ 1826ին Շոբեն հետեւեցաւ երաժշտական եռամսեայ դասընթացքներու։ 1826 թուականին Շոբեն սկսաւ պաշտօնապէս ուսումնասիրել Էսների հետ երաժշտական յօրինումներ։ Այս դասընթացքներու ժամանակ Շոբեն կրկին փաստեց իր տաղանդը։

1828ին ճամբորդութեան մը ընթացքին Շոբէն մասնակցեցաւ քանի մը համերգներու։ Տարիներու ընթացքին ան շարունակեց յօրինել եւ հասաւ մեծ հռչակի ոչ միայն որպէս յօրինող, այլ նաեւ նուագող։ Աւելի ուշ, 1830ին Շոբէն, զգալով Լեհաստանի ողբալի վիճակը (ապստամբութիւններու պատճառաւ) եւ տեսնելով Ֆրանսայի անհոգութիւնը այս վիճակի նկատմամբ, գրեց «Յեղափոխական Էդիւտը Սի մինորի մէջ։

 

Վերջին տարիներ

1848ին Փարիզի մէջ ան տուաւ իր վերջին համերգը, ապա մեկնեցաւ Լոնտոն, ուր մասնակցեցաւ քանի մը համերգի։ Շոբեն կը տառապէր անբուժելի հիւանդութենէ, եւ այդ պատճառաւ չկրցաւ դասաւանդել։ Աղքատութեան հետեւանքով ան չէր կրնար գոհացնել իր կարիքները։ Մահացաւ 1849ին, 39 տարեկանին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին