Կիրակի, 27. 04. 2025

spot_img

Պատմութեան Մէջ Այսօր. ՅԱԿՈԲ ՄՆՁՈՒՐԻ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Յակոբ Մնձուրի (Յակոբ Տէմիրճեան) (16 Հոկտեմբեր 1886 – 1978), պոլսահայ արձակագիր։

Բուն անունով Յակոբ Տէմիրճեան։ Ծնած է Երզնկայի Արմտան գիւղը, Եփրատի ափին, Մնձուրի լեռներուն դիմաց։ 1897ին մեկնած է Պոլիս երկրորդական ուսման համար: Շրջան մը հետեւած է Ռոպըրթ գոլէճի դասընթացքներուն, սակայն առանց աւարտելու՝ 1907ին վերադարձած է ծննդավայրը (Արմտան), ուր մնացած է մինչեւ 1914՝ հողամշակութեան եւ գիւղական աշխատանքներու կողքին վարելով ուսուցչական պաշտօն։

Ամբողջ ընտանիքը եղեռնի զոհ գացած է։ Ապրած է Պոլիս եւ ապրուստը ապահոված գործաւորի ծանր աշխատանքով, իբրեւ փռապան։

Շնորհիւ իր ընթերցասիրութեան, ծանօթացած է ե՛ւ հայ, ե՛ւ օտար գրական գործերու՝ հարստացնելով իր գիտելիքներն ու գրական ճաշակը։

Գրական վաստակ

Մնձուրին գրած է պատմուածքներ: Իր առաջին պատմուածքը՝ «Հարս ու Կեսուր»ը, հրատարակուած է 1906ին «Մասիս»ի մէջ, ուր թարգմանաբար տուած է նաեւ Թէնի եւ Լերմոնտովի էջերէն հատընտիրներ։ Աշխատակցած է, 1914-1920ական տարիներուն, «Մեհեան»ին, «Ոստան»ին ու «Բարձրավանք»ին։ Մանուկ Ասլանեանի «Ազդարար»ին մէջ հրատարակուած են իր պատմուածքներէն շատեր, եւ իր աոաջին գրքոյկը՝ «Երկրորդ ամուսնութիւն»ը, 1931ին հրատարակուած է Մանուկ Ասլանեանի նախաձեռնութեամբ։ Ամբողջական իր վաստակը մէկտեղուած է երկու ստուար հատորներու մէջ՝ «Կապոյտ Լոյսը», «Արմտան»: Ունի մեծ թիւով պատմուածքներ, որոնք ցրուած են զանազան թերթերու մէջ։ Այդ գործերէն հատընտիր մը հրատարակուած է՝ «Կռունկ, ուստի՞ կու գաս» առաջինը՝ 1958ին, երկրորդը՝ 1966ին, երրորդը՝ 1974ին։ Մնձուրիի նուազ ծանօթ թատրերգութիւնը՝ «Նազար», հրատարակուած է «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ 1929ին։

Մնձուրիի գրականութեան նիւթը հայրենի գիւղն է՝ իր բնութեամբ, հարազատ ու պարզ մարդոցմով, հայկական բարքերով եւ աւանդութիւններով։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին