«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիայի հարցերով փոխտեղակալ Ճորճ Քենթը: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»ը, ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետ Փաշինեան ողջունած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի փոխտեղակալի այցը Հայաստան, որ լաւ հնարաւորութիւն է երկկողմ յարաբերութիւններու օրակարգը եւ համագործակցութեան զարգացման հնարաւորութիւնները քննարկելու համար:
Ճորճ Քենթը նշած է, որ ուրախ է Հայաստան այցելելու համար, յատկապէս ՀՀի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններու ժամանակաշրջանին, եւ Միացեալ Նահանգները կը կարեւորէ Հայաստանի հետ փոխշահաւէտ գործակցութեան հետագայ ընդլայնումը:
Վարչապետը անդրադարձած է ներհայաստանեան քաղաքական գործընթացներուն եւ նշած, որ Հայաստանը հաստատակամօրէն յառաջ կ’ընթանայ ժողովրդավարութեան զարգացման ճանապարհով, որ հայ հասարակութեան համար արտաքին քաղաքական կողմնորոշում չէ, այլ ներքին համոզում եւ արժէք: Կառավարութեան ղեկավարը խօսած է նաեւ կաշառակերութեան դէմ պայքարի ծիրէն ներս կատարուող հետեւողական աշխատանքներու եւ տարբեր ոլորտներու մէջ նախաձեռնուած բարեփոխումներուն մասին:
ԱՄՆ պետական քարտուղարի փոխտեղակալը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը շահագրգռուած է, որպէսզի Հայաստանը յաջողութիւններ արձանագրէ ժողովրդավարութեան զարգացման, տնտեսական յառաջընթացի, ինչպէս նաեւ երկրի համար առաջնահերթ միւս ուղղութիւններով, եւ պատրաստ է օժանդակելու ՀՀ կառավարութեան բարեփոխումներու իրականացման գործընթացին մէջ:
Հանդիպումին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, միջազգային արդի իրավիճակի, տարածաշրջանային մարտահրաւէրներու եւ շարք մը այլ հարցերու շուրջ: