«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Մուշեղ Գալշոյեան (13 Դեկտեմբեր 1933, Կաթնաղբիւր գիւղ, Թալինի շրջան – 15 Հոկտեմբեր 1980) հայ արձակագիր, լրագրող, ՀԽՍՀ Պետական մրցանակի դափնեկիր (1981-ին, յետմահու, «Մարութայ սարի ամպերը» ժողովածուի համար)։
Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Երեւանի գիւղատնտեսական հիմնարկին մէջ, զոր աւարտած է 1957ին։ Այս մարզին մէջ կը գործէ քանի մը տարի։
Կ’անցնի հրապարակագրութեան ու գրականութեան։ Մաս կը կազմէ թերթերու խմբագրութեան աշխատանքին (վերջինը՝ «Գարուն»):
1969-1971 Մոսկուայի մէջ կը հետեւի գրականութեան դասընթացքներու։ Միաժամանակ կը սկսի հրատարակուիլ հատորներով. «Կռունկ» (1969), «Ծաղկած քարեր» (1973), «Բովտուն» (1974, պետական մրցանակ):
1975էն սկսեալ կը ստանձնէ պատասխանատուի պաշտօն «Հայաստան» պետական հրատարակչականին մէջ։
Կը մահանայ 1980ին։
«Մարութայ սարի ամպերը» պետական մրցանակը կը ստանայ յետմահու։
Ուրիշ գործեր
«Ձորի Միրօն»
«Ընծայագիր»