Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Էմանուէլ Մաքրոն Իր Գրութիւնը Ձգեց Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկի Պատուաւոր Հիւրերու Յուշամատեանին Մէջ

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ –Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, Ծիծեռնակաբերդի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելէ ետք՝ շրջած է թանգարանէն ներս եւ գրութիւն ձգած պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Ծանր ապրումներով ու յուզմունքով այստեղ ենք այսօր: Ֆրանսայի անունով յարգանքի տուրք կը մատուցանեմ բոլոր անոնց, որոնք ինկան՝ «արեւը առած իրենց աչքերուն մէջ», անոնք, որոնք՝ «միայն ապրիլ կ՝ուզէին»: Ֆրանսան քօղազերծած է ցեղասպանութիւնը դեռ 1915-ին՝ մտաւորականներու կողմէ: Եւ ան ընդունած է երեխաներն ու ընտանիքները, որոնք կը փախչէին ցեղասպանութենէն, եւ որոնք մեր ազգը աւելի պանծացուցին:

Ֆրանսան երբեք չի մոռնան եւ կը պայքարի ճշմարտութեան ու ճանաչման համար:

Այս տխուր խոնարհումը անոնց համար, որոնք ինկան: Մեր եւ գալիք սերունդներու համար»,-նշուած է Մաքրոնի գրութեան մէջ:

Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, իր տիկնոջ` Պրիճիթ Մաքրոնի հետ, Երեւան ժամանած էր Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին մասնակցելու համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին