«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Ալ Նահար» տեղական օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Նայլա Թուէյնի Հինգշաբթի հրապրակաւ բողոք բարձրացուց ըննդէմ Լիբանանի տնտեսական եւ քաղաքական վատթար իրավիճակին, երբ «Ալ Նահար»-ը երէկ դատարկ թերթ լոյս ընծայեց որպէս օրաթերթի Հինգշաբթի օրուան թիւը:
«Մենք ամենավտանգաւոր իրավիճակին հետ դէմ յանդիման ենք Լիբանանի մէջ,- ըսաւ Թուէյնի «Ալ Նահար»-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին:- Մեր ճիչի պատճառը մէկ է. բարձրաձայնել, որ այս իրավիճակի ծանր բեռը ա՛լ ի վիճակի չենք տանելու»: