Երէկ կը զուգադիպէր Զօրավար ԱՆդրանիկի մահուան 91րդ տարելիցը: Այս առիթով Հայաստանի Գրականութեան եւ Արուեստի թանգարանի տնօրէն՝ Դոկտ. Կարօ Վարդանեան հետեւեալ ուշագրաւ գրառումը կատարած էր ֆէյսպուքի իր էջին վրայ.
«91 տարի առաջ, այս օրը վախճանեցաւ Զօրավար Անդրանիկը: 91 տարի առաջ ոչ ոք, ո՛չ հայը, ո՛չ ալ թուրքը չէին կրնար երեւակայել, որ Անդրանիկն ալ մահկանացու է ու օր մը կրնայ վախճանիլ: 91 տարի առաջ, այս օրը կարկամեցան ե՛ւ հայը, ե՛ւ թուրքը: Յետոյ սթափեցան, ու որբացած հայը ողբաց իր ամենամեծ կորուստը, իսկ թուրքը խենթացաւ անասնական ցնծութենէն:
Թերեւս ազգային ոչ մէկ տօն թուրքին այնքան բերկրանք ու խանդավառութիւն պատճառած է, որքան Անդրանիկի մահուան լուրը: Յամենայնդէպս, ժամանակի թուրք մամուլը շատ պերճախօս եղած է: Հատուած մը կը բերեմ Իսթամպուլի «Սոն Սաաթ» թերթի այդ օրերու հրապարակումներէն, որ թարգմանաբար լոյս ընծայած էր Ֆրեզնոյի «Մշակ» շաբաթաթերթը: Խորագիրն է «ԱՅՍ ՀՈՂԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԱՅԼԵՒՍ ՈՉ ՄԷԿ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԻՏԻ ԾՆԻ»:
«Անդրանիկ մեռեր է. մեր թերթը այս առթիւ «հոգին դժոխք» գրած էր երէկ. Իր մահէն ետք արտասանուած այս աղօթքն անգամ բաւական չէ բացատրելու համար այն գէշութիւնները, զորս թուրք ազգին հասցուցած է Անդրանիկ: Այլեւս մայր հայրենիքը ոչ մէկ Անդրանիկի երազ պիտի սնուցանէ: Այլեւս այս հողերուն վրայ ոչ մէկ Անդրանիկ պիտի ծնի. եթէ ծնի, պիտի չմեծնայ. եթէ մեծնայ, լեռը պիտի չելլէ. եթէ լեռը ելլէ, պիտի չկարենայ սուրը քաշել. եթէ քաշէ, իր կուրծքը մխելով անձնասպան ըլլալու համար միայն պիտի քաշէ…»:
Մեր դիւցազնը ի՜նչ աստիճանի ցաւ պատճառած էր արիւնռուշտ գազանին՝ նման բարբարոս ատելութեան արժանանալու համար: Հազար փա՛ռք մեր հերոսներու հերոսին»: