ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից
Հերոսական Քարին Տակը Հնագէտներու Ուշադրութեան Կեդրոնին Է
«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Քարին տակ գիւղի հարեւանութեամբ գտնուող քարանձաւը կը խոստանայ արցախեան բնաբանութեամբ հետաքրքրութեան նոր չափաբաժին աւելցնել առնուազն գիտական միջավայրին մէջ՝ տեղ մը լրացնելով Ազոխի քարանձաւը, տեղ մը մրցակցելով անոր հետ: Լեւոն Եպիսկոպոսեանի գլխաւորած արշաւախումբը Օգոստոսի առաջին կէսին կ’աշխատէր Քարին տակի մէջ: Հայ մասնագէտներու հետ օտարերկրացի գիտնականներ եւս մասնակցած են պեղումներուն: Առայժմ կարելի է աշխատանքներու ընթացքին մասին խօսիլ: Այս տարուան պեղումներու արդիւնքներուն մասին աւելի մանրամասն պիտի անդրադառնանք աւելի ուշ՝ գտնուած նիւթը մանրամասն ուսումնասիրելէ ետք:
Քարին տակի քարանձաւին հասնիլը դիւրին գործ չէ: Զառիվերը յաղթահարելէ ետք՝ Կարկառին զուգահեռ, Շուշիին դիմահայեաց լանջով մէկ-մէկուկէս քիլոմեթր զբօսանք եւս կայ, եւ ծառերու ծածկոյթի ներհակ կողմը կը նշմարուի քարափը. քարանձաւի մուտքը նոյն ինքն այդտեղն է: Մէկուկէս-երկու տասնեակ մեթր եւս՝ նեղ քարանձաւով, եւ կ’երեւին արշաւախումբի անդամները: Տարածքի փոքր ըլլալուն պատճառով այստեղ հերթափոխով կ’աշխատին: «Այստեղ նախ եւ առաջ նշուած հատուածէն հանուած զանգուածը կ’ուսումնասիրենք, կ’առանձնացնենք տուեալ պահուն նկատելի ոսկրային նիւթը, կամ այն ինչ որ կը գտնուի: Եթէ ոսկրի բեկորը համեմատաբար մեծ է, ինքնութիւնը հաստատելու հաւանականութիւն կայ, աւելի մանրամասն կը նկարագրենք անոր գտնուելու վայրը, որպէսզի հետագային կարելի ըլլայ ուսումնասիրութիւնները շարունակել,- կ’աշխատի եւ միաժամանակ կը պատմէ Քարին տակի արշաւախումբի անդամ Տիանա Աւետեանը:- Իսկ եթէ գտնուած բեկորները մեծ չեն, պարզապէս կը տեղաւորենք համապատասխան փաթեթի մէջ ու կը գրանցենք զայն հետագայ ուսումնասիրութեան համար»:
Արշաւախումբը մեծ ակնկալիքներ ունի: Քարանձաւին մէջ մշակութային շերտը մօտ չորսուկէս մեթր խորութիւն ունի եւ 100 հազար տարուան պատմութիւն: Պեղումները կը կատարուին փոքրիկ հատուածի մէջ միայն, ուր պեղուած մակերեսի խորութիւնը կը մօտենայ մէկուկէս մեթրին: «Մենք ոչ թէ մէկ ուղղութիւն կը հետազօտենք, այլ նպատակ ունինք հնարաւորինս մանրամասն ուսումնասիրել ամբողջ կենսաբանական համակարգը՝ բուսական, կենդանական աշխարհը, որպէսզի կարողանանք պատկերացում կազմել, թէ հազարաւոր տարիներ առաջ ի՛նչ միջավայր ունեցած ենք այս տարածաշրջանին մէջ եւ ժամանակի ընթացքին ինչպէս փոխուած է անիկա»,- կը մանրամասնէ Քարին տակի արշաւախումբի անդամներէն Նարեկ Ասպատուրեանը:
Քարին տակի քարանձաւը իր իւրայատկութեամբ կ’առանձնանայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի սահմաններուն մէջ ուսումնասիրուած քարանձաւներէն: Խօսքը ամէնէն առաջ ժամանակագրութեան մասին է: Անիկա կու գայ լրացնելու ժամանակագրական, առայժմ դեռ գրեթէ բաց հատուած մը: Միւս իւրայատկութիւնը Քարին տակի քարանձաւի կլիմայական պայմաններու հետ կապուած է: Ամրան տօթին ջերմաչափը քարանձաւէն ներս 11-12 աստիճան ցոյց կու տայ: Ձմրան նոյնպէս ջերմաստիճանը 7-8 աստիճանի միջեւ կը տատանի: «Թէ՛ ջերմային ռեժիմը կայուն է, թէ՛ խոնաւութիւնը: Այս պայմանները բաւարար են, որ ոսկրանիւթին մէջ պահպանուի DNA-ը»,- կը կարեւորէ Քարին տակի արշաւախումբի ղեկավար Լեւոն Եպիսկոպոսեանը: Հետեւաբար, հնագէտները այստեղ ոչ միայն անկենդան բեկորներ կը գտնեն, այլ նաեւ ուսումնասիրութեան համար կենսաբանական պիտանի նիւթ: Անոնց հետազօտումը թոյլ կու տայ աւելի ամբողջական պատկերացում կազմելու տասնեակ հազարամեակներ առաջ այս նոյն տարածքին մէջ գոյութիւն ունեցած կենսաբազմազանութեան մասին: Կը պարզուի, օրինակ, որ այս տարածքին հիմալայեան արջ բնակած է: Հաշուի առնելով ուսումնասիրուելիք նիւթի բազմազանութիւնը՝ արշաւախումբի կազմին մէջ ներառուած են ինչպէս հայ, այնպէս ալ արտասահմանցի տարբեր ուղղութիւններու մասնագէտներ: Թէ ի՛նչ նորութիւններ կը բացայայտեն այս տարուան պեղումները՝ պարզ կը դառնայ յառաջիկայ ամիսներուն, երբ գտնուած նիւթը հետազօտուի: Օգոստոս ամսուան ընթացքին պեղումները կ’ընթանան՝ կրկնակի եւ եռակի տեսակաւորելով քարանձաւէն հանուած զանգուածը:
Պեղուող քարանձաւը այս տարածքին միակը չէ: Մերձակայ տարածքներուն մէջ գոնէ արտաքին նմանութեամբ այլ քարանձաւներ ալ կան: «Պեղումներու շրջանակը կրնայ ընդլայնուիլ»,- լաւատես է Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, որ նոյնպէս պեղումներու ժամանակ այցելած էր հնագէտներուն՝ աշխատանքներու ընթացքին մօտէն ծանօթանալու նպատակով: Պատկան մարմինը առայժմ կազմակերպչական հարցերու կ’աջակցի: Աշխատանքները ոչ պետական ֆինանսաւորմամբ կ’իրականացուին: Քարին տակի քարանձաւին մէջ իրականացուող աշխատանքներու արդիւնքները արդէն հասցուցած են ներկայացնել միջազգային գիտական հանրութեան: Պեղումներուն եւ գտածոներու ուսումնասիրութեան արտասահմանեան մասնագէտներու եւ աշխատանոցներու մասնակցութիւնը միջազգային հարթակներու վրայ աւելի արժանահաւատ ու ընդունելի կը դարձնէ հետազօտութիւններու արդիւնքները:
Հնագէտները Քարին տակի քարանձաւ առաջին անգամ այցելած են 2011-ին: 2015 թուականէն ամէնամեայ պեղումները սկսած են: Քարին տակի քարանձաւին մէջ ամենանշանակալի գիւտը 2015-ին կատարուած է: Գտնուած է մարդու 8000 տարեկան ատամ, որմէ վերցուած DNA-ը նոյնականացած է ժամանակակից հայու DNA-ի հետ՝ Քարին տակը դարձնելով հայոց ամենահին հասցէն եւ ապացուցելով, որ ժամանակակից հայու նախնին առնուազն 8 հազար տարի առաջ արդէն բնակութիւն հաստատած է այս տարածքներուն մէջ:
Արցախի Մասին Տեղեկութիւնները՝ Առաջին Ձեռքէն Եւ Առաջին Կանգառին Մէջ
Արցախի նկատմամբ զբօսաշրջիկներու հետաքրքրուածութեան աճը մէկ կողմէ ձեռքբերում է, միւս կողմէ՝ մարտահրաւէր՝ հիւրեր ընդունելու համապատասխան յարմարութիւններ, պայմաններ ստեղծելու անհրաժեշտութեան առումով: Պատկան մարմինները աճը բնութագրող թիւերը որպէս ձեռքբերում կը ներկայացնեն՝ չանտեսելով նաեւ անկէ բխող մարտահրաւէրները: Օրերս այդ շարքէն հերթական նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուեցաւ. մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան համագործակցութեամբ՝ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ տեղեկատուական սրահ կահաւորուած է:
Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներու թիւը նախորդ տարուան համեմատ կրկնակի աճած է: Զբօսաշրջութեան ոլորտի արցախեան պատասխանատուները կ’արձանագրեն՝ աճի նման ցուցանիշ չէ եղած: «Ունինք 102 տոկոս աճ: Սա աննախադէպ է Արցախի զբօսաշրջութեան զարգացման պատմութեան մէջ: Անիկա աննախադէպ թիւ է, բայց նաեւ կանխատեսելի՝ շնորհիւ մեր կողմէ իրականացուած աշխատանքներուն»,- կ’ընդգծէ ՄՀԵԶ նախարարութեան զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան պետ Արտակ Գրիգորեանը: Զբօսաշրջիկներու հոսքը աննախադէպ աշխուժացած է Յուլիս ամիսէն սկսեալ: Հերթական խումբը Ֆրանսայէն ժամանած է: Մեծ մասը հայեր են: Շատերը առաջին անգամ Արցախ կ’այցելեն: «Յաճախ եկած եմ Հայաստան: Ամէն անգամ կ’որոշեմ Արցախ ալ գալ, բայց, ցաւօք, չեմ կրնար: Այս անգամ որոշեցի անպատճառ գալ, տեսնել Արցախը, այս սուրբ վայրերը, զորս ազատագրելու, իսկ այսօր ալ պաշտպանելու համար մեր եղբայրները այսքան արիւն թափած են»,- կը պատմէ Ֆրանսայէն ժամանած Սիլվի Ափրիկեանը:
Որպէս օրինաչափութիւն՝ սփիւռքահայերէն շատերը կը ժամանեն ոչ թէ մինակ, այլ խումբով: Այս պարագային ալ այդ օրինաչափութենէն չեն շեղած: «Մենք ամբողջ խումբով եկած ենք: Ահա մեր ընտանիքը, մեր բարեկամներն ու թաղեցիները»,- իրենց խումբը կը ներկայացնէ Կարապետ Գույումճեանը:
Արցախ այցելած զբօսաշրջիկներու առաջին կանգառը արտաքին գործոց նախարարութիւնն է. այստեղ կը ստանան մուտքի արտօնագիրը: Իրենց հերթին սպասող զբօսաշրջիկներու համար այստեղ նոր յարմարութիւններ աւելցած են՝ նստարաններ, սեղաններ, ջուրի ապարատ: Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան հարցերու նախարարութեան համագործակցութեամբ՝ տեղեկատուական սրահ կահաւորուած է: Տեղեկատուական աւանդական վահանակներու հետ նաեւ տեղեկատուական ժամանակակից սարք տեղադրուած է սրահէն ներս: «Տեղեկութիւններ կը ներկայացուին Արցախի զբօսաշրջութեան մասին, տեղեկութիւններ Արցախի մասին, առանձին-առանձին՝ իւրաքանչիւր շրջանի մասին»,- կը մանրամասնէ զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան պետ Արտակ Գրիգորեանը:
Զբօսաշրջիկներու հոսքի աճին համապատասխան փոփոխութիւններ կան նաեւ զբօսաշրջիկներուն սպասարկող ստորաբաժանման կազմին եւ աշխատանքային ծրագիրին մէջ: «Այս տարի աւելցուցած ենք հիւպատոսական բաժնի աշխատակիցներու թիւը: Մեր աշխատակիցները կը հերթապահեն ամէն օր, ներառեալ՝ հանգստեան եւ տօնական օրերուն»,- կը վստահեցնէ արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական բաժնի պետ Կարինէ Աւետիսեանը:
Կրճատուած են սպասարկման ժամկէտները: Անփոփոխ մնացած են գիները: 21 օրուան համար տրամադրուող զբօսաշրջային մուտքի արտօնագիրին համար պէտք է վճարել 3000 դրամ:
Արցախի Մէջ Առաջին Անգամ Օդային Տագնապի Մարզումը Տեղի Ունեցած Է Հանրապետական Մաշտաբով
Օգոստոս 24-ին Արցախի մէջ կայացած են օդային տագնապի բեմագիրով քաղաքացիական պաշտպանութեան մարզումներ: Առաջին անգամ նման մարզումներ իրականացուեցան հանրապետական մաշտաբով:
Հակաօդային պաշտպանութենէն ահազանգ կը ստացուի, որ հակառակորդի օդուժը խախտած է Արցախի օդային սահմանը: Շարունակութիւնը՝ ըստ բեմագիրին: Կնքուած ծրարները կը բացուին ու կը գործեն ըստ հրահանգներու: Կը յայտարարուի օդային տագնապ: Արցախի ամբողջ տարածքին ի գործ կը դրուին ազդարարման համակարգերը: Օդային տագնապի ազդանշանը ստացուած է ժամը 11-ին: 5 վայրկեան անց Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան ներկայացուցիչը կը վստահեցնէ, որ Հանրապետութեան ամբողջ տարածքին բնակչութիւնը արդէն տեղեակ պահուած է հաւանական վտանգի մասին: «Բոլոր շրջաններուն մէջ արդէն տեղեակ են, ազդարարման համակարգը գործած է»,- կը վստահեցնէ ԱԻՊԾ ռազմական կառավարման բաժինի պետ Կարէն Աւետիսեանը:
Աւագները պատերազմի տարիներու փորձով, կրտսերներն ալ դպրոցը իրենց սորվածն ու աւագներէն լսած խորհուրդները յիշելով՝ դէպի ապաստարան կը շտապեն: Օրը աշխատանքային է, աւագներէն շատերը աշխատանքի են: Բայց երեխաները նոյնիսկ առանց աւագներուն գիտեն, թէ օդային տագնապի ազդանշանը լսելու պարագային ի՛նչ պէտք է ընեն: «Քանի որ երեխաներուն մէջ մեծը ես էի, բոլորին հանգստացուցի, իջանք շէնքին տակ գտնուող ապաստարանը»,- արդէն ապաստարանին մէջ կը պատմէ Սիւզաննա Պաղտասարեանը: «Սա փորձի համար է, բայց բոլոր պարագաներուն, փորձ թէ իրականութիւն, պէտք է հրահանգները կատարել»,- կը լրացնէ Ֆելիքս Առաքելեանը:
Ամէն ինչ հնարաւորինս համապատասխանեցուած է իրական իրավիճակին: Պայթումներ գրանցուած են մայրաքաղաքի տարբեր հատուածներուն մէջ, դէպքի վայր մեկնած են փրկարարական հաշուարկները: Փողոցները շարժ գրեթէ չկայ: Քաղաքական պաշտպանութեան պատասխանատուները պետական նախարարի գլխաւորութեամբ շրջած են Ստեփանակերտի տարածքին մէջ, հետեւած Տագնապ ազդանշանէն ետք իրականացուած գործողութիւններուն: Կրիկորի Մարտիրոսեանը դժգոհ չէ մարզումներու ընթացքէն, սակայն ան չի թաքցներ, որ նկատած է որոշ խնդիրներ, որոնց լուծման ուղղուած աշխատանքները հնարաւորինս շուտ ի գործ պիտի դրուին: Ընելիքներ ունին բոլորը: «Անիկա կը վերաբերի ինչպէս քաղաքաշինական աշխատանքներու իրականացման, կազմակերպչական աշխատանքներուն, այնպէս ալ իւրաքանչիւր ստորաբաժանումի ղեկավարին. ստորաբաժանումներու բոլոր ադամներուն կողմէ պէտք է կատարուին իրենց աշխատանքները»,- ընդգծած է պետական նախարար Կրիկորի Մարտիրոսեանը:
Օդային տագնապի մարզումներ աւելի կանուխ իրականացուած են առանձին ստորաբաժանումներու կամ բնակավայրերու ընդգրկումով: «Նման միջոցառումներուն պէտք է լուրջ վերաբերինք: Կը գտնուինք պատերազմի գօտի, չեն գիտեր, թէ վաղը ի՛նչ կրնայ ըլլալ»,- կը կարեւորէ Ստեփանակերտի բնակիչ Անահիտ Գրիգորեանը:
Մեկնարկէն կէս ժամ անց դարձեալ գործի դրուեցաւ ազդարարման համակարգը՝ յայտարարելով մարզումներու աւարտը: Հանրապետական մարզումի արդիւնքները քննարկուած են պետական նախարարի նախագահութեամբ կայացած խորհրդակցութեան: Առաջին վարժանքի ժամանակ նկատուած բացթողումները շտկելու ուղղութեամբ յանձնարարականներ տրուած են: Անոնց կատարման արդիւնքը գնահատելու առիթ կ’ըլլայ մօտիկ ապագային՝ հանրապետական հերթական մարզումի ժամանակ:
Ստեփանակերտ