ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
«ՆՈՐ ՕՐ», Լոս Անճելըս – Սփիւռքեան, ներհայաստանեան, ազգային-եկեղեցական, շրջանային, միջազգային, ամերիկեան, ընդհանրապէս աշխարհի ամենատարբեր անկիւններու մէջ, քաղաքական ու տնտեսական լարուածութիւնները նուազելու փոխարէն, մէկ՝ արհեստականօրէն, մէկ՝ տարակարծութիւններու որպէս բնական արդիւնք, մեզ կը պահեն «զբաղած»…
Այո, զբաղած ենք նաեւ օրուան հացը ճարելով, մեր առողջութեամբ, մեր Ես-ով, մեր Մենք-ով, նոյն ատեն՝ տարուած ամերիկեան թոհուբոհին մէջ, կտրուած ենք աշխարհէն, հայաշխարհէն, այդ նոյն Մենք-էն՝ մեր ինքնութենէն։
* Եկաւ եւ անցաւ Օգոստոս 10 թուականը. 98 տարի առաջ ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրը վերջին մէկ դարու մեր պատմութեան անկիւնադարձային պահերէն մէկը հանդիսացած է։ Պատմական պահ, որ անժամանցելի նշանակութիւն ունի հայութեան համար։
Անցնինք առաջ։
* Կիրակի, Օգոստոս 12-ին Սուրբ Աստուածածնի տօնն էր. ժողովուրդին ամենասիրելի տօներէն մէկը։ Հաւատացեալները ողողած էին եկեղեցիները… օրհնուած խաղողի ողկոյզով մը տուն վերադառնալու քաղցրութեամբ եւ հոգեկան բաւարարութեամբ։
Սակայն, մեր սլաքը կ՚ուղղենք անոնց, որոնք եկեղեցի չէին յաճախած Կիրակի օր. աւելին, անոնք եթէ անցեալին միջինարեւելեան իրենց քաղաքներուն մէջ հոգեպարար այդ արարողութիւնները կ՚ըմբոշխնէին սպասումով, այստեղ, ամերիկեան ազատուղիներուն վրայ… տեղեակ իսկ չեղան, թէ Ս. Աստուածածինը եկաւ ու անցաւ…
Անցնինք առաջ։
* Միացեալ Նահանգներու մէջ արդէն իսկ կրթական վերամուտ է։ Օգոստոս… եւ վերամո՞ւտ։ Այո։ Բայց նոր տարի է նաեւ, հայոց Նաւասարդն է. շնորհաւոր ամանոր։
* Անցնող չորս ամիսներուն Հայաստանն էր մեր կիզակէտը. պետութիւն եւ եկեղեցի։ Թող օրէնքի գերակայութիւնը իշխէ ամէն տեղ։ Թող «Օրէնքի ուժ»ը յաղթէ «Ուժի օրէնք»ին եւ գայ օրը ու մեր սիրելի Հայաստանը վայելէ ժողովրդավարութեան բարիքները։ Այսօր, երբ լրջագոյն բացայայտումներով ժողովրդավարական արժէքներ կը փորձեն հաստատել հայրենիքի մէջ, վստահ ենք, որ ժամանակ պահանջող այդ քայլը պիտի մաքրէ չարը, որպէսզի մեր իսկ սխալներէն սորվելով, կերտենք վաղւան նոր Հայաստանը։
Ճամբան երկար է… «տարոսը» Սփիւռքին… ինքնամաքրուելով վերանորոգուելու եւ նոր շապիկ հագնելու…