Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցին Հաւանական Է, Որ Ընդգրկուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մշտական Ցանկին Մէջ

Վանայ լիճի Աղթամար կղզիին վրայ գտնուող հայկական Սուրբ Խաչ եկեղեցին հաւանական է, որ ընդգրկուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան մշտական ցանկին մէջ:

Թրքական «Անատոլու» կայքը յօդուած հրապարակած է Աղթամարի մասին` նշելով, որ տարեկան հազարաւոր տեղացի եւ օտար զբօսաշրջիկներ կ’այցելեն կղզին: Այս տարուան առաջին 7 ամսուան ընթացքին Աղթամար այցելած է տեղացի եւ արտասահմանցի 83 հազար զբօսաշրջիկ:

Վանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան հարցերու տնօրէն Մուզաֆեր Աքթուղ ըսած է, որ Աղթամարի յուշահամալիրը զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէն քաղաքի ամենակարեւոր պատմական արժէքներէն մէկն է: Աղթամարը 2015-ին եկեղեցին ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ժամանակաւոր ցանկին մէջ: Ան նշած է, որ թանգարաններու գլխաւոր վարչութեան հետ քննարկած են, որոշած այս տարի յայտ ներկայացնել ԵՈՒՆԵՍՔՕ` Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցին Համաշխարհային ժառանգութեան մշտական ցանկին մէջ ընդգրկելու համար:

Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Աղթամար եկեղեցին կառուցուած է 915-921 թուականներուն Գագիկ 1-ին թագաւորի հրամանով, ճարտարապետը Մանուէլն է:

2005-ին Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան որոշումով սկսած են եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները: Աշխատանքները տեւած են երկու տարի: Ծախսուած է 4 միլիոն լիրա:

Կը նշուի, որ վերականգնողական աշխատանքներուն մասնագէտ-արուեստագէտներու հետ միասին ընդգրկուած էին նաեւ հնագէտներ եւ ճարտարապետ-շինարարներ, որոնց մէջ` նաեւ Հայաստանէն:

Վերանորոգումէն ետք եկեղեցին ստացած է թանգարան-յուշարձանի կարգավիճակ:

Նշենք, որ 2010-ի Սեպտեմբեր 19-ին, 95 տարուան ընդմիջումէ ետք, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պատարագ, իսկ Սեպտեմբեր 30-ի գիշերը մինչեւ Հոկտեմբեր 1 եկեղեցւոյ վրայ դրուեցաւ խաչ: Մինչ այդ թրքական կառավարութիւնը հրաժարած էր խաչ տեղադրելէ եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ, որուն պատճառով ողջ աշխարհի հայութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպած էր, կը գրէ «Փանորամա»-ն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին