Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Հայկական Աղցանը Ուաշինկթընեան Ճաշարանի Ամենահամեղ Ուտեստն Է

Ամենահամեղ ուտեստը, որ կրնայ տպաւորել ուաշինկթընցի համտեսողը, պլղուրով հայկական աղցանն է: Այս մասին կը յայտնէ «Tasting Table» ամերիկեան պարբերականը:

«Շէֆ խոհարարներ Ճերալտ Ադիսոնն ու Քրիս Մորգանը համտեսած են այդ ուտեստը Պէյրութ կատարած ուղեւորութեան ժամանակ»,- «Սփութնիք Արմէնիա»-յի փոխանցմամբ կը գրէ պարբերականը:

Խոհարարական պարբերականը կը նշէ, որ պլղուրը կրնայ փոխարինել քինոային (Ամերիկայի մէջ յայտնի հացահատիկ):

Պարբերականը կ’ամփոփէ, որ, չնայած մսային ուտեստներուն ու սրահի կեդրոնին վառարանի առկայութեա, Maydan ճաշարանի ճաշացանկին վրայ ամենահամեղը կը համարուի պլղուրով աղցանը:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին