2016 թուականին աշխարհի ամենաբարձր գագաթը` Էվերեսթը նուաճելէ ետք մարսէլաբնակ հայ լեռնագնաց Արա Խաչատուրեան նոր մարտահրաւէր նուաճած է, որ է` Մարսէլէն վազքով հասնիլ Հայաստան` յաղթահարելով 5000 քմ տարածութիւն: Վազքը մեկնարկած է Ապրիլի սկիզբը: Օրական վազելով 50քմ եւ անցնելով 8 երկիր եւ 150 քաղաք` Արա խաչատուրեան կ’եզրափակէ իր խաղաղութեան մարաթոնը Երեւանի մէջ:
Յուլիս 18-ին Արա Խաչատուրեան պիտի հասնի Կիւմրի, ուր Վարդանանց հրապարակին վրայ ժամը 13:00-ին զինք պիտի դիմաւորեն մարզպետարանի եւ քաղաքապետարանի պաշտօնեաներ, տեղական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ, մարզիկներ ու բազմաթիւ գիւմրեցիներ: Վազորդները եւ բոլոր ցանկացողները կրնան միանալ Արային Կիւմրիի մէջ` անոր հետ շարունակելու խաղաղութեան վազքը մինչեւ Երեւան:
Երեւանի մէջ վազորդները Արային պիտի միանան Մարզահամերգային համալիրի դիմացէն, Յուլիս 21-ին՝ ժամը 10:00-ին, անոր հետ վազելով աւարտին հասցնելու այս խորհրդանշական երթը 11:00-ին Հանրապետութեան հրապարակ, ուր դիմաւորման հանդիսաւոր արարողութեան պիտի միանայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան եւ ողջունէ Արան հայրենիքի մէջ:
Հանրապետութեան հրապարակէն խաղաղութեան մարաթօնին միացածները եւերկրպագուները նախարարի ուղեկցութեամբ պիտի շարժին դէպի ՀԲԸՄ Հայաստանի կեդրոնատեղի (2/2 Մելիք-Ադամեան փ., 2-րդ յարկ), ուր 12:00-ին կը կազմակերպուի ընդունելութիւն:
Հիւրասիրութեան շուրջ մասնակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ծանօթանալու եւ զրուցելու անուանի մարզիկին հետ: