Յուլիս 8-ին առաւօտեան ժամը 11-էն սկսեալ, երիտասարդական ակումբներու դաշնութեան (FYCA) նախաձեռնութեամբ, 5-րդ տարին անընդմէջ կը կազմակերպուի Վարդավառ միջազգային փառատօնը, որուն նպատակն է երիտասարդութեան ու հանրութեան միւս շերտերուն Վարդավառի տօնածիսական առանձնայատկութիւններու ինքնատիպ ներկայացումը, ազգային-աւանդական մշակոյթի հանրահռչակումը Հայաստանի մէջ եւ երկրի սահմաններէն դուրս:
Ամէն տարի Հայաստանէն, Սփիւռքէն եւ արտասահմանէն հազարաւոր հիւրերու համախմբող հեղինակաւոր փառատօնը կ’իրականացուի համաշխարհային նիւթական մշակոյթի գանձարանին մաս կազմող Հայաստանի խոշոր յուշարձաններէն՝ Գառնիիի եւ Գեղարդի մէջ:
Այս տարի եւս փառատօնը պիտի մեկնարկէ վաղ առաւօտէն Գեղարդի վանքի մէջ՝ պատարագով եւ երիտասարդութեան օրհնութեան կարգով: Այստեղ փառատօնի հիւրերը հնարաւորութիւն կ’ունենան մասնակցելու տօնի խորհրդին՝ հոգեւորականի կողմէն ջուր ցօղելու արարողութեան:
Կէսօրին Գառնիի տաճարի յարակից հրապարակին մէջ տեղի պիտի ունենայ Վարդավառի տօնակատարութիւնը՝ հեթանոսական աւանդոյթներու մատուցմամբ: Զուգահեռ, Գառնիի Նոյեան այգի մշակոյթի կեդրոնէն ներս պիտի մեկնարկէ ձեռնարկի պաշտօնական մասը՝ բացման խօսքով հանդէս պիտի գայ Երիտասարդական ակումբներու դաշնութեան նախագահ Ատոմ Մխիթարեան, ողջոյնի խօսք պիտի ըսեն Նոյեան այգի կեդրոնի ղեկավարը, Կոտայքի մարզպետարանի եւ Մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչները:
Ծրագրի մէջ ընդգրկուած է նաեւ յատուկ Վարդավառ միջազգային փառատօնի համար պատրաստուած գաթայի եւ գինիի հիւրասիրութիւն, ազգային երգ ու պար, Վարդավառի շուրջպար եւ խաղեր: Մասնակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան լուսանկարուելու հայոց դիցարանի Աստղիկ եւ Վահագն աստուածներու կերպարներու հետ:
Փառատօնի գլխաւոր գործընկերներն են Նոյեան այգի մշակոյթի կեդոնը եւ «Հայկական Փի Ար ասոցիացիա» գիտատեղեկատուական ՀԿ-ն:
Փառատօնի աջակիցներն են Համաշխարհային հայկական երիտասարդական ՈՍՏԱՅՆ-ը, Կոտայքի մարզպետարանը, ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ը, Հայ առաքելական եկեղեցին, Վահագն դհոլահարներու խումբը, Չարենցաւանի երիտասարդական ուսանողական միութիւնը, Արտ մշակոյթի կեդրոնի «Եանա Տանս սդուտիօ» պարային խումբը, Գառնիի մշակոյթի տան Գառնի պարային համոյթը: