Ախալցխա քաղաքի բնակիչները Յունիս 30-ին տօնեցին քաղաքին տօնը: Ըստ «Akhaltskha.net»-ի՝ քաղաքի տարբեր շրջաններու մէջ, տօնին առիթով, իրականացան շարք մը ձեռնարկներ: Սակայն գլխաւոր ձեռնարկը կայացաւ Ռաբաթի բերդի տարածքին մէջ եւ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս գլխաւոր ձեռնարկին ժամանակ յայտնի դարձաւ պատուաւոր ախալցխացիի կոչման արժանացած քաղաքացիներուն անունները։
Այս տարի պատուաւոր քաղաքացիի կոչման արժանացան բժիշկ Ռուզաննա Մելիքեանը, ձեռագործող, արհեստաւոր Մարիամ Ժուժունաձէն եւ Մեթրոփոլիթ Ստեփան Կալաիջիշվիլին: Հարկ է նշել, որ արդէն քանի մը տարի է, որ գոյութիւն ունի տուեալ նախաձեռնութիւնը, բայց միայն այս տարի է, որ ազգային փոքրամասնութեան ներկայացուցիչը կ՝արժանանայ տուեալ կոչման։
Ձեռնարկներուն ծիրէն ներս Ռաբաթի բերդի տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ վրաց արհեստի եւ արուեստի գործերու ցուցահանդէս-վաճառք։ Տօնին առիթով իրականացան նաեւ շարք մը մարզական ձեռնարկներ։ Իսկ գլխաւոր համերգին ժամանակ՝ վրացական երգի ու պարի խումբերուն կողքին՝ հանդէս եկան նաեւ հայկական խումբերը եկեղեցւոյ կից «Ախալցխա» երգի ու պարի խումբին, դպրոցի պարախումբին եւ ջութակահար Յարութիւն Չարօխչեանի գլխաւորութեամբ։