Հինգշաբթի, 17. 04. 2025

spot_img

«Հինաւուրց Հայկական Խոհանոցը». Քուէյթի Հեղինակաւոր «Kuwait Times» Անգլիագիր Պարբերականին Անդրադարձը

Քուէյթի հեղինակաւոր «Kuwait Times» անգլիագիր պարբերականը «Ancient Amenian Cuisine» (Հինաւուրց Հայկական խոհանոցը) խորագիրով անդրադարձած է հայկական խոհանոցին։ Այս մասին կը կարդանք Լիլիթ Գալստեանի դիմատետրի էջէն։

Պարբերականին մէջ ներկայացուած է հայկական Տոլման (ամառնային ու խաղողի տերեւով), ինչպէս նաեւ Գաթան։

Լիլիթ Գալստեան, պարբերականի հետ զրոյցին ընթացքին հպարտութեամբ անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի հնադարեայ աւանդոյթներուն ու հիւրընկալութեան, խօսած է Լաւաշը UNESCO-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներառուած ըլլալուն մասին, ու շեշտած, որ ներկայացուածը տակաւին ամբողջական չէ, եւ թէ պէտք է այցելել Հայաստան։

«Կը մտածեմ, մեր Գաթան ալ արժանի է UNESCO-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ներգրաւելու»,- իր խօսքը աւարտած է Լիլիթ Գալստեան՝ նշելով, որ այդ մասին պէտք է յիշեցնել ՀՀ մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունցին: 

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին