Վաթսունմէկ տարեկանին կեանքէն հեռացաւ «CNN» հեռուստաալիքի յայտնի հաղորդավար եւ խոհարար Էնթընի Պուրտէյն: Այս տեղեկութիւնը հաստատած է «CNN»-ը:
Լրատուամիջոցի հաղորդմամբ` «Էնթընի Պուրտէյն. անծանօթ վայրեր» հաղորդաշարի հեղինակին մահուան պատճառը ինձնասպանութիւնն է:
Ըստ «Թերթ»-ի՝ Պուրտէյն կը գտնուէր Ֆրանսա եւ կ’աշխատէր իր հաղորդաշարի յառաջիկայ հաղորդումին վրայ: Անոր մօտ ընկերը` ֆրանսացի խոհարար Էրիք Ռիփըրթը, Պուրտէյնը մահացած յայտնաբերած է Ուրբաթ առաւօտեան` հիւրանոցի անոր սենեակին մէջ:
Ամերիկեան «CNN» հեռուստաալիքի «Էնթընի Պուրտէյն. անծանօթ վայրեր» հաղորդաշարի Մայիս 20-ի թողարկումը նուիրուած էր Հայաստանին: Էնթընի Պուրտէյն հաղորդման ծիրէն ներս այցելած է Հայաստան ու ներկայացուցած երկրի խոհանոցը, մշակոյթն ու պատմութիւնը: Հաղորդման ընթացքին անոր ուղեկցած է հանրայայտ «System of a Down» ռոք խումբի անդամ Սերժ Թանկեանը: