Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

ՀՀ Նախագահը Փոքրիկներուն Համար Կատարեալ Հայաստանը Կը Պատկերացնէ Առանց Շուրջօրեայ Խնամքի Հաստատութիւններու

Հայաստանը այնպիսի երկիր պէտք է ըլլայ, ու փոքրիկներու խնամքի հաստատութիւններու կարիք չզգացուի: Բոլոր փոքրիկները պէտք է լիարժէք երջանիկ ըլլան իրենց ընտանիքներուն մէջ: Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան նման կարծիք յայտնեց Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրուան առիթով «Օրրան» բարեգործական կազմակերպութիւն այցին ժամանակ:

«Երեխաները մեր սէրն են, մեր կեանքն ու ապագան: Շատ ուրախ եմ, որ այսօր «Օրրան»-ի սաներուն հետ կ’անցընեմ: Շատ լսած էի այստեղի փայլուն աշխատանքին մասին: Ի դէմս ինծի եւ տիկնոջս, բոլոր ծնողներուն անունով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այն հոյակապ գործին համար, որ կ’ընէ «Օրրան»-ը»,- ըսաւ նախագահը եւ ընդգծեց, որ ասիկա իր առաջին այցն էր, սակայն պիտի չըլլայ վերջինը:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ ինչպիսի՛ երկիր պէտք է ըլլայ Հայաստանը, ուր փոքրիկները իրենց լիովին պաշտպանուած զգան, Արմէն Սարգսեան ըսաւ՝ օր մը այնպիսի երկիր պէտք է ըլլայ, որ հիմնադիր Յովհաննիսեան զոյգը փակէ «Օրրան»-ը: «Այսինքն՝ այնքան լաւ ըլլայ երկիրը, որ այսպիսի կեդրոններու կարիք չըլլայ: Իւրաքանչիւր երեխայ իր դպրոցին եւ տան մէջ պէտք է ստանայ այն ամէնը, ինչի կարիք ունի»,- ըսաւ նախագահը ու աւելցուց՝ սակայն կը կարծեմ, որ դեռ բաւական ժամանակ եւ քրտնաջան աշխատանք պէտք է, որ այսպիսի կեդրոնները օր մը փակուին եւ բոլոր երեխաները լիարժէք երջանիկ ըլլան իրենց ընտանիքներուն մէջ:

ՀՀ նախագահը նշեց՝ իր կինը աւելի երջանիկ է, քանի որ աւելի շատ ժամանակ ունի թոռներուն հետ անցընելու: «Երբ պապիկ կը դառնաս, շատ աւելի կը գնահատես եւ կը հասկնաս փոքրերը, քան ծնողքը: Ծնողք եղած ժամանակ ես եւ իմ ընկերներս կը մտածէինք, որ երեխաները պէտք է շարունակեն մեզի պէս ապրիլ: Սակայն երբ կը մեծնաս, աւելի իմաստուն կը դառնաս ու կը հասկնաս, որ իւրաքանչիւր երեխայ կը ծնի հանճարեղ, ունի որոշակի տաղանդ եւ իր կեանքը պիտի ունենայ: Իսկ քու գործդ է օգնել անոր, որպէսզի իր տաղանդը յայտնաբերէ: Իւրաքանչիւր երեխայ անհատականութիւն է»,- ըսաւ ան ու աւելցուց, որ հիմա իր թոռներուն անհատականութիւնը աւելի շատ կը տեսնէ, քան ժամանակին իր երեխաներունը:

Փոքրիկներու հետ նախագահը յիշեց նաեւ իր մանկութիւնը: Ապրած է Դեմիրճեան փողոցին վրայ: Ինչպէս ինք կ’ըսէ՝ ունեցած է ե՛ւ պայծառ, ե՛ւ տխուր օրեր: «Հոյակապ օր ունեցած եմ, երբ 1963-ին տատիկս արտասահմանէն եկաւ մեզի այցելութեան: Սակայն ունիմ նաեւ տխուր յիշողութիւններ, երբ 1964-ին հայրիկս կորսնցուցի, երբ դեռ 11 տարեկան էի: Ես ունեցած եմ սովորական հայ փոքրիկի մանկութիւն»,- յիշեց ան:

Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց բոլոր հայ փոքրիկները թէ՛ Հայաստանի, Արցախի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ ապրող: Ան շնորհաւորեց նաեւ հայաստանցի բոլոր փոքրիկները, որոնք հայ չեն, բայց կ’ապրին այստեղ եւ նուիրուած են այս երկրին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին