Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Հայաստանի Կայունութիւնը Եւ Ժողովրդավարական Զարգացումը Չափազանց Կարեւոր Է Վրաստանի Համար. Քուիրիքաշուիլի

Վրաստանը եւ Հայաստանը իրարու հետ կապուած են բարեկամական բազմադարեան կապերով, ինչ որ կ’արտացոլուի գործընկերային համագործակցութեան մէջ։ Ինչպէս Թիֆլիսէն կը յայտնէ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցը, ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն ետք այս մասին լրագրողներուն ըսաւ Վրաստանի վարչապետ Կիորկի Քուիրիքաշուիլին։

«Խորհրդային Միութեան փլուզումէն եւ անկախութիւն ձեռք բերելէ ետք մենք յաջողեցանք փոխշահաւէտ համագործակցութիւն զարգացնել՝ հիմնուած փոխադարձ վստահութեան վրայ»,- ընդգծեց Քուիրիքաշուիլին:

Ան աւելցուց, որ Հայաստանի կայունութիւնը եւ ժողովրդավարական զարգացումը չափազանց կարեւոր է Վրաստանի համար: «Մենք մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւէինք բարեկամ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն, երբ հայ ժողովուրդը ողջ աշխարհին ցոյց տուաւ միասնականութեան եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու նկատմամբ հաւատարմութեան վառ օրինակ: Ես կը շնորհաւորեմ իմ թանկագին հիւրին Հայաստանի վարչապետի պատասխանատու պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ»,- ըսաւ Վրաստանի վարչապետը:

Կիորկի Քուիրիքաշուիլին շեշտեց, որ անգամ մը եւս կը հաստատէ Վրաստանի կառավարութեան եւ անձամբ ի՛ր պատրաստակամութիւնը Հայաստանի հետ համագործակցութեան խորացման ուղղուած արդիւնաւէտ աշխատանք տանելու առնչութեամբ: «Այսօր մենք քննարկեցինք համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները, ընդգծեցինք մեր ձգտումները՝ ունենալ քաղաքական արդիւնաւէտ երկխօսութիւն, շօշափեցինք նաեւ առեւտրային յարաբերութիւններու, փոխադրամիջոցներու, ուժաբանութեան, մշակոյթի, զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան հետ կապուած հարցեր: Չնայած համագործակցութեան առկայ բարձր մակարդակին՝ գոյութիւն ունի զայն աւելի խորացնելու մեծ ներուժ»,- ըսաւ ան:

Քուիրիքաշուիլին ընդգծեց, որ ՀՀ վարչապետի հետ հանդիպումի ընթացքին մեծ ուշադրութիւն դարձուցած են տարածաշրջանային մարտահրաւէրներուն եւ ընդգծած են տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ  կայունութեան կարեւորութիւնը: «Այցի ծիրէն ներս Հայաստանի վարչապետը պիտի այցելէ նաեւ Վրաստանի հարաւային շրջանները, ուր հանդիպում պիտի ունենայ տեղի բնակչութեան հետ: Վրաստանի՝ ազգութեամբ հայ բնակչութիւնը աշխուժօրէն ներգրաւուած է երկրի զարգացման գործին մէջ, ինչ որ կը վկայէ բազմազգ Վրաստանի միասնութեան մասին: Մեր բնակչութիւնը, անկախ ազգային պատկանելիութենէն, կը ծառայէ մէկ նպատակի՝ Վրաստանի հզօրացման, տարածաշրջանային յարաբերութիւններու զարգացման»,- եզրափակեց Վրաստանի վարչապետը՝ անգամ մը եւս պատրաստակամութիւն յայտնելով ապագայ համագործակցութեան համար:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին