Փարիզի մէջ արդէն մէկ տարիէ կը գործէ հայկական թատերախումբ: Առաջին քայլերը եղած են 2017 թուականի Յունիս 4-ին Պելճիքայի մէջ: Թատերախումբը ներկայացուցած է «Թումանեանի հեքիաթները» ներկայացումը, որ իր մէջ ընդգրկած է Հ. Թումանեանի այն հեքիաթները, որոնք ամենաշատը սիրուած են արտերկիր բնակող հայ մանուկներուն կողմէ:
«Մեր նպատակն էր անոնց ներկայացնել հեքիաթները ե՛ւ արեւելահայերէն, ե՛ւ արեւմտահայերէն: Միաժամանակ հասանելի դարձնել այն փոքրիկներուն, որոնք որեւէ պատկերացում չունին հայկական հեքիաթներուն մասին: Ներկայացումները տեղի ունեցած են Յունիս 9-ին եւ 14-ին Փարիզի մէջ: Յաջորդ ներկայացումը ամանորեայ տօներուն նուիրուած էր, որ կը կոչուէր «Փարիզեան պարահանդէս» եւ յագեցած էր անկանխատեսելի տեսարաններով, վառ գոյներով, ծանօթ եւ անծանօթ կերպարներով եւ, ի հարկէ, Ձմեռ Պապի ու Ձիւնանուշի մասնակցութեամբ, որոնք ներկայացման աւարտին իրենց նուէրներով փոքրիկներու տօնը դարձուցին ալ աւելի յիշարժան եւ հեքիաթային: Ներկայացումներն իրականացուած են «Bonheur Retrouve» («Վերագտնուած երջանկութիւն») կազմակերպութեան հետ միասին»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ «Կոլաժ» թատերախումբի փոխտնօրէն, կազմակերպիչ Հեղինէ Տէր Օհաննէսեան:
2018-ին թատերախումբը որոշում ընդունած է ունենալ իր հիմնական կազմը եւ իր առջեւ նպատակ դրած է օտար հողի վրայ ներկայացումներու միջոցով հայ երեխաներուն մէջ վառ պահել հայկական մշակոյթը, անոնց ծանօթացնել հայ հեղինակներու հետ, արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն ներկայացնել նաեւ արտասահմանեան հեղինակներուն` ներկայացումներուն մէջ ներգրաւելով երեխաներուն:
Թատերախումբը նպատակ ունի բեմադրելու ներկայացումներ հետագային նաեւ մեծահասակներու համար: Արմինէ Գաբրիէլեան եւ Հեղինէ Տէր Օհաննէսեան, միաւորուելով այս գաղափարին շուրջ, հիմնած են «Կոլաժ» թատերախումբը, որ հետագային նպատակ ունի դառնալու կազմակերպութիւն եւ շարք մը մշակութային ծրագիրներ կեանքի կոչելու:
«Թատրոնը սինթետիկ արուեստ է, իսկ կոլաժը իր մէջ կը ներառէ արուեստի տարբեր տարրեր: Ահա սա է պատճառը, որ թատերախումբը «Կոլաժ» անուանած ենք: Յառաջիկային թատերախումբը կը նախատեսէ համագործակցիլ Փարիզի մէջ գործող «Կայծ» եւ «Հայ դաս» կազմակերպութիւններու հետ` Յունիս ամսուն նախաձեռնելով մանկական ներկայացում «Քաջ Նազարի արկածները» խորագիրով: Ներկայացման մէջ ընդգրկուած են դերասանուհիներ Ռուզաննա Մաթեւոսեան` Հայաստանէն, որ նաեւ ներկայացման մշակման հեղինակն է, Արմինէ Գաբրիէլեան, որ «Կոլաժ» թատերախումբի գեղարուեստական ղեկավարն է, եւ ներկայացման բեմադրութեան հեղինակ, դերասան Ալպերթ Եզակեանը: Երաժշտական ձեւաւորման հեղինակներն են Էտկար Աբրահամեանը, Մարգօ Մարկոսեանը, Ռաֆայէլ Ռաջաբեանը, բեմի ձեւաւորման պատասխանատուն է Տիգրան Գաբրիէլեանը: Ներկայացման մէջ գրաւուած պիտի ըլլան նաեւ Փարիզի «Համազգային Թարգմանչաց» դպրոցի սաները»,- նշեց Հեղինէ Տէր Օհաննէսեանը: