Երեքշաբթի, 10. 12. 2024

spot_img

Ռուբէն Վարդանեանը 17 Միլիառ Դրամի Ներդրում Պիտի Ընէ Դիլիջանի Մէջ

Ռուսաստանաբնակ գործարար Ռուբէն Վարդանեանի հիմնադրած «IdeA» բարեգործական հիմնադրամը կը նախատեսէ Դիլիջանի մէջ 17 միլիառ դրամի ներդրում ընել: Ներդրումային ծրագիրը ներառուած է ՀՀ կառավարութեան Ապրիլ 11-ի նիստի օրակարգին։ Այս մասին կը հաղորդէ «shantnews.am»-ը։

Կը նախատեսուի Դիլիջան քաղաքի մէջ կառուցել միջազգային չափանիշներուն համապատասխան առողջարանային կեդրոն, որ պէտք է խթան հանդիսանայ բժշկական զբօսաշրջութեան զարգացման համար։ Ռուբէն Վարդանեան նաեւ մտադիր է բարեկարգել Դիլիջանի քաղաքային լիճի յարակից տարածքը, քաղաքային զբօսայգին ու մարզադաշտը։

Այս աշխատանքները կը նախատեսուի աւարտել 5 տարուան ընթացքին։ Ծրագիրի աւարտին Դիլիջանի մէջ պիտի բացուի շուրջ 400 աշխատատեղ` 500,000 միջին ամսական աշխատավարձով։ Իսկ մինչ այդ ժամանակաւոր աշխատատեղ պիտի բացուին շինարարական ծրագիրներու մէջ։

Ռուբէն Վարդանեան խոստացած է 1070 ժամանակաւոր աշխատատեղ` առնուազն 200,000 դրամ աշխատավարձով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին