Մինչ ներհայաստանեան իրադարձութիւնները իրենց վրայ սեւեռած են աշխարհի տարբեր յայտնի լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը, բրիտանական հեղինակաւոր «BBC»-ն ընթերցողներուն կը ներկայացնէ վեց հետաքրքրական փաստ Հայաստանի մասին:
–Հայաստանէն դուրս ապրող հայերը աւելի շատ են, քան պետութեան մէջ բնակողները
Լրատուամիջոցը նկատել տուած է, որ երկրի բնակչութիւնը մօտ երեք միլիոն է, սակայն քանի մը միլիոն ալ կը բնակի արտասահման: «Մեծ համայնքներ կան Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ»,- կը գրէ «BBC»-ն` աւելցնելով, որ հայերը վերջերս կ’երթան Ռուսիա, քանի որ ան մօտ է եւ անոնք կը խօսին ռուսերէն:
–Արարատ լեռը ազգային խորհրդանիշ է
«Նոյնիսկ երբ անիկա կը գտնուի Թուրքիոյ տարածքին… ձիւնածածկ գագաթ ունեցող լեռը կ’երեւի Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի հորիզոնին, Աստուածաշունչին մէջ անիկա կը նշուի իբրեւ վայր մը, ուր ջրհեղեղէն ետք կանգ առաւ Նոյի տապանը»,- կը գրէ լրատուամիջոցը:
–Ան աշխարհի ամենավաղ քրիստոնէական քաղաքակրթութիւններէն է
«BBC»-ն կը գրէ, որ Հայաստանը առաջին երկիրն է, որ 4-րդ դարու սկիզբը պաշտօնապէս ընդունած է քրիստոնէութիւնը որպէս կրօն, եւ որ հայկական եկեղեցին բացարձակապէս ինքնավար է միւս քրիստոնէական եկեղեցիներէն:
–Շախմատի ուսուցումը պարտադիր է
2011 թուականէն Հայաստանի մէջ երեխաները պարտադիր ունին շախմատի դասեր: Ներկայիս անիկա դպրոցներուն մէջ ունի որակաւորում ունեցող աւելի քան 3000 շախմատի ուսուցիչներ:
–Ան կը հպարտանայ իր քոնեակով
Բրիտանական լրատուամիջոցը կը գրէ, որ Երկրորդ աշխարհամարտի ժամանակ Խորհրդային Միութեան առաջնորդ Իոսիֆ Սթալինը Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Ուինսթըն Չըրչըլին որպէս նուէր քանի մը տասնեակ անգամ հայկական քոնեակ ուղարկած է: Շատ տարիներ անց` 2013-ին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քեմըրոնին տուաւ հայկական քոնեակի շիշ մը` վերյիշելով այդ պատմութիւնը:
–Շատ յայտնի մարդիկ ունին հայկական արմատներ
Լրատուամիջոցը անոնց շարքին կը յիշատակէ յայտնի ֆրանսահայ երաժիշտ Շառլ Ազնաւուրը, Ճատրակի ՎարպետԿարի Քասփարովը, երգիչ Շերը եւ Քիմ Քարտաշեանը: