Հայաստանի զբօսաշրջութեան գրաւչութեան մասին չինարէնով լայնածաւալ նիւթ հրապարակուած է «National Geographic Traveler China» պարբերականին մէջ, որուն ընդհանուր տպաքանակը 1 միլիոնի կը հասնի, կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը:
Այս մասին «ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ արձանագրած է Սոնա Սահակեան, որուն հրաւէրով Հայաստան ժամանած է պարբերականի գլխաւոր խմբագիրը:
«Ես շատ հպարտ եմ տարածելով առաջին յօդուածը Հայաստանի մասին՝ որպէս զբօսաշրջութեան ուղղութիւն «National Geographic Traveler China»-ի մէջ: Եւ ասիկա միայն սկիզբն է»,- կը գրէ Սոնա Սահակեան: