Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

«Sunmag»-ը` Երեւանի Մասին. «Արարատը Պատրաստ Է Ձեզ Իր Գիրկը Ընդունելու»

«Sunmag» ռուսական հանդէսը խորհուրդ կու տայ իր հայրենակիցներուն օգտուիլ մայիսեան տօներէն եւ հանգիստը անցընել այնտեղ, ուր գարնան կիսուն եղանակը տաք է, ուտելիքը համեղ, իսկ գիները մատչելի: Որպէս ճամբորդութեան ուղղութիւն փորթուկալական Ալկարուէի, իսրայէլեան Թել Աւիւի, մոլտովական Քիշնեւի, աւստրիական Ինսպրուկի եւ Մարոքքոյի Մարաքեշի հետ մէկտեղ նշուած է նաեւ Երեւանը:

Յօդուածին հեղինակ Իրինա Շչափովան որպէս յաւելեալ առաւելութիւն ռուս զբօսաշրջիկներուն համար կը նշէ, որ Հայաստան կարելի է մեկնել նոյնիսկ ներքին ռուսական անձնագիրով: «Եթէ արտասահմանեան անձնագիր ինչ-ինչ պատճառներով չունիք, միեւնոյն է` Արարատըպատրաստ է ընդունելու ձեզ իր գիրկը»,– կ’ըսուի «Sunmag»-ի հրապարակած յօդուածին մէջ:

«Երեւանը աշխարհի հնագոյն քաղաքներէն մէկն է, անիկա հիմնուած է դեռ մեր թուարկութենէն առաջ, ուստի պատմամշակութային վայրերու պակաս չկայ` հին եկեղեցիներ ու վանքեր կան ինչպէս քաղաքի կեդրոնին, այնպէս ալ արուարձաններու` զմրուխտէ բլուրներու ֆոնին»,- կը գրէ հեղինակը:

Ան խորհուրդ կու տայ նախապէս ծրագրել, թէ բնութեան գիրկը ըլլալու համար որ ուղղութիւնը նախընտրելի է` Սեւանայ լիճը, Տաթեւի վանքը թէ Արարատի ստորոտը, ուր նոյնիսկ կարելի է օդապարիկ նստիլ:

«Հակառակ պարագային երեւանեան խորովածներն ու քոնեակը կը գրաւեն ձեր ամբողջ ուշադրութիւնը»,- կ’ըսուի յօդուածին մէջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին