Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Եւրոպայէն 200 Կամաւորներ Պիտի Մասնակցին Հայաստանի Բնազբօսաշրջութեան Խթանման Գործին

«Բնութեան համաշխարհային հիմնադրամի հայաստանեան մասնաճիւղը» (WWF-Հայաստան) եւ Զուիցերիոյ «Վեսեր» հիմնադրամը միասին կը սկսին «Բարեւ թրեյլս» (BarevTrails) ծրագիրը, որ ուղղուած է Հայաստանի մէջ բնազբօսաշրջութեան (ռcotourisme) զարգացման:

Ծրագրի նպատակն է հարաւային Հայաստանի պահպանուող տարածքներուն մէջ («Խոսրովի անտառ» պետական արգելոց, «Գնիշիկ պահպանուող լանտշաֆթ», ծրագրուող «Տաթեւ» ազգային արգելոց եւ «Զանգեզուր կենսոլորտային համալիր») բնազբօսաշրջութեան ենթակառոյցներու բարելաւումը եւ ընդհանուր առմամբ Հայաստանի ծանօթացման բարձրացումը որպէս բնազբօսաշրջութեան համար նպաստաւոր երկիր:

Ծրագրի առաջին փուլով նախատեսուած է երեք տարուան ընթացքին 200 երիտասարդներու Մեծն Բրիտանիայէն, Զուիցերիայէն, Սպանիայէն եւ Գերմանիայէն ժամանումը Հայաստան‘ մասնակցելու համար պահպանուող տարածքներու արշաւային արահետներու բարեկարգման, նոր արահետներու մշակման. անոնք պիտի մասնակցին նաեւ տուեալ տարածքներու բնական տեսարժան վայրերու եւ մշակութային յուշարձաններու ներկայացման, կենսաբազմազանութեան բարելաւման, արահետներու քարտէսագրման, ցուցանակներու, արգելափակոցներու զետեղման, փոքր ենթակառոյցներու (օրինակ‘ անանցանելի վտակներու վրայ փոքր կամուրջներ) կառուցման եւ այլ գործերուն:

WWF-Հայաստանի հաղորդակցութիւններու ստորաբաժանումի ղեկավար Հերմինէ Յակոբեան կը նշէ. «Այս ծրագիրը շատ աւելին է, քան պարզապէս էկոտուրիզմի ենթակառուցուածքների զարգացումը: Մասնակիցները շրջելու են Հայաստանի տեսարժան վայրերով, ծանօթանալու են երկրի հարուստ մշակութային ժառանգութեան, հայկական խոհանոցի հետ, շփուելու են տեղացիների հետ‘ զգալով նրանց հիւրասիրութիւնն ու ջերմութիւնը: Վերադառնալով իրենց երկիր՝ երիտասարդները դառնալու են Հայաստանի իւրայատուկ «դեսպաններ» իրենց երկրներում»:

Հայաստանի մէջ, «Վեսեր» հիմնադրամի գանձատրումով նման ծրագիր կ՝իրագործուի առաջին անգամ ըլլալով: Ծրագիրը կը սկսի այս տարուան Մայիսին, 3 տարուան պայմանաժամով: Յաջողութեան պարագային‘ ան պիտի դառնայ շարունակական: «Բարեւ թրեյլս»ը կը սկսի ծրագրուող «Տաթեւ» ազգային արգելոցէն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին