ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարականով Մարտ 25-ին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան այցելեց Տաւուշի մարզի Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղ:
«Նախագահի յանձնարարականով եմ այստեղ, եւ կը ցաւիմ, որ աւելի կանուխ չեմ զբաղած այս հարցով: Սահմանամերձ գիւղերու մէջ ապրող երեխաներու համար աւելի շուտ պէտք է պայմաններ ստեղծէինք` ֆութպոլով զբաղելու համար: Կառուցուելիք մարզադաշտը մեծ պիտի ըլլայ իր չափերը՝ 65 մ լայնութիւն, 110 մ երկարութիւն»,- յայտնած է Հայրապետեան:
Ըստ ՀՖՖ նախագահին՝ կառուցուող մարզադաշտը հնարաւորութիւն պիտի տայ նոյնիսկ հանրապետական առաջնութեան խաղեր իրականացնելու:
«Մարզադաշտը պիտի կառուցուի բոլոր չափորոշիչներուն համապատասխան: Պիտի կառուցուին նաեւ հանդերձարաններ: Կը կարծեմ, որ քանի մը ամիսէն պիտի ունենանք շատ գեղեցիկ մարզադաշտ»,- ըսած է ան:
Ռուբէն Հայրապետեան համայնքի ներկայացուցիչներու հետ զրոյցի ընթացքին յոյս յայտնած է, որ քանի մը ամսուան ընթացքին մարզադաշտի կառուցապատման աշխատանքները կ’աւարտին: Մարզադաշտը պիտի սպասարկէ ոչ միայն Ներքին Կարմիրաղբիւրին, այլ նաեւ յարակից Տաւուշ եւ Այգեպար գիւղերուն:
Ըստ «Panorama.am»-ի՝ Բերդի համայնքի ղեկավար Յարութիւն Մանուչարեան, անդրադառնալով նախաձեռնութեան, նկատել տուած է` ցաւօք սրտի մենք շրջապատուած ենք այնպիսի հարեւաններով, որ ոեւէ հայ տղամարդ «դատապարտուած է» առողջ ըլլալու եւ առաւել եւս սահմանամերձ գիւղերու մէջ:
«Այսօր ֆութպոլի դաշտի վերականգնումը ունի երկու նշանակութիւն ոչ միայն մարզական գետնի վրայ, այլ նաեւ ռազմավարական: Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղի բնակիչները պէտք է ֆիզիքապէս առողջ ըլլան»,- ըսած է ան:
Ներքին Կարմիրաղբիւր գիւղի գիւղապետ Լեւոն Առաքելեան աւելցուցած է, որ պիտի բարելաւուի իրենց գիւղի երեխաներու ֆութպոլային հմտութիւնները.
«Մարզաձեւերը պիտի զարգանան, հայկական ֆութպոլի համար լաւ պիտի ըլլայ»:
Այցի ընթացքին երեխաները գնդակներ եւ մարզաշապիկներ նուէր ստացան: