Կիրակի, 11 Մարտ 2018-ին Հալէպի բերդին շուրջ, Հալէպի Առեւտուրի Պալատի Գործարար Կանանց Յանձնախումբի կազմակերպած «Կինը Եւ Ընտանիքը» 10-րդ քառօրեայ ցուցահանդէսը իր աւարտին հասաւ այցելուներու հոծ ներկայութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։
Յանձնախումբի նախագահ Լինա Աշրաֆիէ յայտնեց, որ նախորդ չորս օրերուն ցուցահանդէսի այցելուներուն թիւը անցաւ 50,000-ը: Ցուցահանդէսը առիթ էր նաեւ իւրաքանչիւր հալէպցի ընտանիքի այցելելու Հին Հալէպ շրջանն ու Հալէպի բերդը, որոնք հնագիտական եւ մշակութային արժէք կը ներկայացնեն եւ տարիներու ընթացքին դարձան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խորհրդանիշ:
Յանձնախումբի անդամ Հուրի Քէօշկէրեան յայտնեց, որ ցուցահանդէսը յարմարագոյն առիթն էր սուրիացի կիներու տաղանդն ու կարողութիւնը յայտնաբերելու: Ան անդրադարձաւ ցուցահանդէսին կողքին կազմակերպուած այլ աշխատանքներու, ինչպէս՝ փոքրերու յատուկ անվճար տաղաւարի մը գոյութեան, ուր այցելեցին աւելի քան 4,000 մանուկներ եւ նահատակներու ընտանիքներու պարգեւատրման: Այցելուները յայտնեցին, որ ցուցահանդէսը իւրայատուկ էր եւ գունեղ:
Յիշենք, որ «Կինը եւ Ընտանիք» 10-րդ ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերին 25 հալէպահայ գործարար կիներ, ինչպէս նաեւ ՍՕԽ-ի Ձեռարուեստի եւ Աշխատանոցի յանձնախումբերը, որոնք նախշատուն անունը կրող տաղաւար մը ստանձնեցին, իսկ «Փեթակ» խոհանոցը ներկայացաւ իր առաձին տաղաւարով:
Ցուցահանդէսի աւարտին, կազմակերպիչ մարմինը յատուկ գնահատագիրերով պարգեւատրեց մասնակիցները։