Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Ես Ոչ Մէկ Տեղ Այդքան Ազատ Եւ Միաժամանակ Անվտանգ Զգացած եմ, Որքան Ղարաբաղի Մէջ. Ռուս Լրագրող

Ռուսական «Interesting world» լրատուամիջոցի գլխաւոր խմբագիր Իգոր Շիրեաեւը Արցախի Հանրապետութիւն կատարած այցելութենէն ետք վստահ է` Լեռնային Ղարաբաղը աշխարհի եզակի վայրերէն է, որ իրական է, կը հաղորդէ «Արցախփրէս»-ը:

Ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ ան կիսած է այցելութեան վերաբերեալ իր տպաւորութիւնները:

«Այցելելով աշխարհի շատ գեղեցիկ եւ էկզոտիկ վայրեր` Ղարաբաղը կը համարեմ այն քիչ վայրերէն մէկը, որ ես իրական կ’անուանեմ: Այո՛, կան աւելի բարձր լեռներ, աւելի էկզոտիկ բնութիւն, աւելի հարուստ երկիրներ: Բայց Ղարաբաղը իրական է: Ի՞նչ կը ներառեմ այդ բառին մէջ: Այստեղ կը բնակին ճիշդ դաստիարակուած մարդիկ, որոնք շատ բան ապրած են եւ զարմանալիօրէն այդքանէն ետք ոչ թէ աւելի վատ, այլ աւելի լաւ մարդ դարձած են: Անոնք ոչ ոքէ ոչինչ կը խնդրեն: Միակ ցանկութիւնը այն է, որ իրենց հանգիստ ձգեն եւ թոյլ տան հանգիստ ապրի այն հողին վրայ, որ իրենցը կը համարեն: Եւ այդ հարցով ես անոնց հետ լիովին համամիտ եմ: Բացի այդ, ես ոչ մէկ տեղ ինծի այդքան ազատ եւ միաժամանակ անվտանգ կը զգամ, որքան Ղարաբաղի մէջ: Յարակարծական է` հաշուի առնելով այս երկրի տխուր պատմութիւնը եւ ոչ դիւրին ներկան, բայց փաստ է»,- նշած է Շիրեաեւ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր այն մարդոց, որոնք կազմակերպած էին իր այցը: Լրագրողը գոհունակութեամբ արձանագրած է այն, որ կնոջ հետ սիրահարներու տօնը նշած են արցախեան բարձրադիր ձիւնոտ բնակավայրերէն մէկու մը մէջ:

Միաժամանակ անոր ոգեւորած է այն, որ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի մէջ մարդիկ ճանչցած են զինք` յայտնելով, որ կը նային իր լուսանկարները ու կը կարդան յօդուածները:

Շիրեաեւ նշած է, որ Արցախէն վերադառնալէն ետք հաւաքած է մեծ թիւով լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր, զորս պիտի մշակուին եւ հրապարակուին յօդուածներու հետ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին