Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ 2018 թուականը հռչակուած է Երիտասարդութեան տարի:
Այս առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի թանգարանները 2018-ի ընթացքին պիտի իրականացնեն «Արարող ձեռքեր» խորագիրով ցուցահանդէսային նախագիծը:
Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգէն կը յայտնեն, որ նախաձեռնութեան նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի եւ Սփիւռքի երիտասարդ արուեստագէտներուն` հանրութեան առջեւ հանդէս գալու, ներկայացնելու իրենց ստեղծագործութիւնները, մտորումները եւ գալիքի իրենց տեսլականը:
Ցուցահանդէսները պիտի ընդգրկեն կերպարուեստի բոլոր ճիւղերը (գեղանկար, քանդակ, լուսանկար):
Նախագիծի ծիրէն ներս առաջին ցուցահանդէսի բացումը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 11-ին՝ ժամը 15:00-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ (Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի առաջին յարկի սրահ): Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին Միքայէլ Յարութիւնեանի եւ Սարգիս Պապայեանի ստեղծագործութիւնները: