Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Կիպրոսի Նախագահին Վերընտրութիւնը

Երէկ՝ 5 Փետրուար 2018-ի առաւօտեան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի վերընտրութեան առիթով անոր ուղղուած շնորհաւորական յատուկ գիրին մէջ ըսաւ. «Ձեր վերընտրութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է ձեր անձին նկատմամբ ժողովուրդին ունեցած վստահութեան, ինչպէս նաեւ ակնկալութեան»։ Ապա Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ իր նախագահական առաջին շրջանին, «շնորհիւ հետեւողական եւ յանձնառու ճիգերուն, կարեւոր իրագործումներ կատարուեցան տնտեսական բնագաւառէն ներս, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի վերամիացման աշխատանքին մէջ»։

Այս առիթով Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց նաեւ Կիպրոսի հայութեան նկատմամբ նախագահին ցուցաբերած հոգածութեան եւ հայ դատին նկատմամբ անոր ունեցած զօրակցութեան համար։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին