Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Արցախը Նախորդ Շաբաթ

*ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Կրակոցներ Արցախի Սահմանին Վրայ2018-Ն Դրական Փոփոխութիւններ Չի Խոստանար

2018-ի մեկնարկը ցոյց տուաւ, որ տարին Արցախի շուրջ քաղաքական ու ռազմական առումով կտրուկ փոփոխութիւններ դժուար թէ բերէ: Համենայնդէպս, իրադարձութիւնները կը զարգանան միեւնոյն տրամաբանութեամբ, այնպէս ինչպէս նախորդ տարի: Հակառակորդն ալ հերթական կերպով ապացուցեց, որ պատրաստ չէ հրաժարիլ ոչ հակահայկական հռետորաբանութենէն ներքին եւ արտաքին լսարանին մէջ եւ ոչ ալ սադրանքներէն՝ առաջնագծին վրայ:

Աւանդաբար, տօնական օրերուն Ազրպէյճան կը փորձէ Արցախի սահմանին վրայ իրավիճակը լարել: Այդ օրերուն զգալի կերպով կ’աշխուժանայ հակահայկական քարոզչութիւնը, յատկապէս ներքին լսարանին համար: 2018-ի մեկնարկն ալ այդ առումով նորութիւններ չբերաւ: Ինչպէս արդէն կ’ակնկալուէր, Ալիեւը տօնական օրերուն արցախեան թեմայականին անդրադառնալու հնարաւորութիւններ ունեցաւ: Մինչեւ անգամ ամանորեայ ուղերձի մեծ մասը նուիրեց Արցախին եւ հակահայկական յայտարարութիւններուն: Նորութիւնները կապուած էին Ազրպէյճանի տարած հերթական յաղթակներուն: Կը պարզուի, որ ապրիլեան պատերազմի ժամանակ ազրպէյճանական կողմի հսկողութեան տակ անցած է ոչ միայն Ճոճուք Մարճանլին (Արցախի հարաւ), այլեւ Շիխարխ գիւղը (Արցախի հարաւ). Խօսքը ուղղակիօրէն կը վերաբերի Մարտակերտի շրջանի Լենինաւան-Մարաղայ գիւղին, որուն բնակիչներու կոտորածը 1992 թուականի Ապրիլ 10-ին կազմակերպուեցաւ ազրպէյճանական ուժերու կողմէ եւ որ 1990-ականներէն կը գտնուի ազրպէյճանական գերութեան տակ: «Խորքին մէջ, եթէ ազրպէյճանցիներուն յաջողուէր նոյնիսկ տնակ մը գրաւել, հազար անգամ յայտարարած կ’ըլլային եւ ոչ թէ մէկուկէս տարի կը սպասէին ու նոր միայն կ’ըսէին իրենց յաջողութիւններուն մասին,- Ալիեւի հերթական յայտարարութիւնը Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Պապայեան ծիծաղելի կը համարէ:- Ասիկա արդէն ծաղրանք կը համարուի ազրպէյճանցիներուն նկատմամբ՝ նման բացայայտ սուտը, նման բարձր մակարդակով»:

Թէ Պաքուն այս տարի եւս առողջ տրամաբանութեամբ ոեւէ մէկուն չի զարմացներ՝ տարեսկիզբին անգամ մը եւս Իլհամ Ալիեւի քաղաքական գծով օգնական Ալի Հասանով այդ խնդրով ապացուցեց իսրայէլական թերթերէն մէկուն տուած իր հարցազրոյցին ընթացքին՝ նշելով, որ Պաքու արցախեան խնդիրի կարգաւորման խաղաղ ուղիին կողմնակից է եւ որ այդ կարգաւորման մէջ առաւելագոյն զիջումը կրնայ ըլլալ Ազրպէյճանի կազմին մէջ Արցախի որոշակի ինքնավարութիւնը: Ինչպէս կ’ըսեն՝ մեկնաբանութիւնները աւելորդ են: «Պաքու շատոնց արդէն պէտք է համակերպուած ըլլլար իրականութեան: Արցախ արդէն 30 տարիէ Ազրպէյճանի կազմին մէջ չէ: Ի՞նչ բանակցութիւններու մասին կրնայ խօսք ըլլալ, եթէ Պաքուի ներկայացուցիչը Արցախի ապագան Ազրպէյճանի կազմէն դուրս չի տեսներ»,-  իր տարակուսանքը կը յայտնէ Դաւիթ Պապայեան:

Իսկ թէ խաղաղ կարգաւորման տակ ի՛նչ կը հասկնան Պաքուի մէջ՝ դժուար չէ գուշակել: Յունուար 7-ին ՊԲ հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ հակառակորդի կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացու կերպով վիրաւորուած է ՊԲ զինծառայող, 1998-ի ծնունդ Վաչէ Չիլինգարեանը: Արցախի նախագահի հրամանագիրով՝ ան յետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութեան համար» մետալով: Առաջնագծին վրայ տեղի ունեցած դէպքի մանրամասնութիւններուն անդրադարձած է ՀՀ ԶՈւ ԳՇ պետ Մովսէս Յակոբեան. «Հակառակորդի դիպուկահարի կրակոցէն զոհուած է մեր զինուորը: Զինք օգնելու համար անոր առջեւ նետուած սպան եւս թեթեւօրէն վիրաւորուած է: Վիրաւորուած է նաեւ դէպքի վայր շտապող խումբի մեքենայի վարորդը: Վիրաւորներու վիճակը նորմալ է»: «Ասիկա Ազրպէյճանի ցեղապաշտական, հակամարդկային, ահաբեկչական քաղաքականութեան եւս մէկ դրսեւորումն է, որ սակայն ուժերու հաւասարակշռութեան մէջ ոչինչ կը փոխէ: Ժամանակին Ստեփաակերտը առաջարկած էր տօնական օրերուն առաւել եւս՝ հրադադարի կարգը չխախտել: Պաքու հակառակը կը կատարէ՝ հարուածի տակ դնելով իր զինուորներուն: Ի վերջոյ, հայկական կողմը իր զինուորի մահը անպատիժ պիտի չձգէ»,- կ’ընդգծէ Դաւիթ Պապայեան:

            Փոխվստահութեան, աւելի ճիշդ, անոր բացակայութեան ահա այսպիսի պաշարով կը սպասուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հերթական հանդիպման, որ 2017-ի վերջերուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն՝ պէտք է կայանայ 2018-ի Յունուարին:

 

Արցախ Այցելած Օտարերկրեացի Զբօսաշրջիկներու Թիւը 2017-Ին Աւելցած Է 41 Տոկոսով

 

2017 տարեշրջանին Արցախ այցելած է աւելի քան քսաներեք հազար օտարկերկրացի զբօսաշրջիկ: Անկախութենէն ի վեր աճի ամենաբարձր ցուցանիշը արձանագրուած է. 2016-ի համեմատելով՝ 41 տոկոս: Ապրիլեան պատերազմի բացասական ազդեցութիւնը հաշուի առնելով՝ ցուցանիշները համեմատութեան կը դրուին 2015-ի հետ: Այս պարագային ալ աճը շուրջ 30 տոկոս է: Ըստ թիւի կարգի՝ մեծ թիւով օտարերկրացի զբօսաշրջիկներ Արցախ այցելած են Ռուսաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն եւ Իրանէն, որոնք հայկական մեծ համայնքներ ունին: Ասոր կողքին, պէտք է նշել, որ այլազգիներու այցելութիւնները եւս կ’աւելնան: Արցախը այցելուներուն ներկայացնելու նոր գործիքները իրենց դրական արդիւնքները կու տան: «Ատիկա թէ՛ միջազգային ցուցահանդէսներուն աշխոյժ մասնակցութիւնն է, թէ՛ համացանցի վրայ աշխոյժ, մինչեւ անգամ ակրեսիւ առեւտրային քաղաքականութիւնը»,- կը թուարկէ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան հարցերու նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Արտակ Գրիգորեան:

Շուշի, Ստեփանակերտ, Գանձասար, Տիգրանակերտ: Արդէն հանրահռչակուած զբօսաշրջային ուղղութիւններու եւ զբօսաշրջավայրերու կողքին զբօսաշրջութեան վարչութիւնը այս տարի կը փորձէ նորութիւններ ապահովել ե՛ւ նոր զբօսաշրջավայրերու ե՛ւ թեմայական զբօսաշրջութեան տեսքով: Արկածային զբօսաշրջութիւնը կրնայ դառնալ անոր յաջողած ուղղութիւններէն մէկը: 2017-ին մի քանի ծրագիրներ փորձարկուած են: Անոնցմէ ամենանշանակալին «Ճանապարհ Թրէյլ»-ի իւրօրինակ շնորհանդէսն էր, որ ազդարարուեցաւ իւլթրամարաթոնի յայտնի ներկայացուցիչ Թելմա Ալթունի ուխտագնացութիւն-մարաթոնով՝ Արցախի հիւսիսէն մինչեւ հարաւը: Նաեւ թեթեւ օդագնացութեան ներգրաւմամբ մի քանի ծրագիրներ իրականացուեցան հայաստանեան գործընկերներու մասնակցութեամբ: Այս շարքի ամենաբազմամարդ միջոցառումն ալ օդային փառատօնն էր՝ Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ: Երկրագործական-զբօսաշրջութիւնը (agro-tourism) աշխուժացնելու ծրագիր եւս կայ: Պետութիւնը պիտի աջակցի անոնց, որոնք գիւղերուն մէջ կը կառուցեն հիւրատուներ, տարուան ծրագիրներէն մէկը կ’առանձնացնէ Արտակ Գրիգորեան եւ կը մանրամասնէ, որ այդ ծրագիրը ինքնին շարունակութիւն կ’ունենայ. «Առաջին քայլը պիտի ըլլայ անիկա: Քանի որ եթէ գիշերակացը կայ, մարդիկ անոր հետ պիտի սկսին առաջարկել իրենց ծառայութիւնները, մասնաւորաբար սննդամթերքի արտադրութիւն, որ պիտի ըլլայ զբօսավարի ծառայութիւն եւ այլն»:

Խոստմնալի ուղղութիւններէն մէկը կը համարուի խոհանոցային-զբօսաշրջութիւնը (gastro-tourism): Պատասխանատուները համոզուած են, որ իրենց գործին լաւապէս տիրապետող մարդոց աշխատելու պարագային արցախեան խոհանոցը եւս կրնայ զբօսաշրջութեան աշխուժացման մէջ մեծ դեր ունենալ: Առաջին փորձերը եղած են գինեգործութեան ոլորտէն ներս: Արդիւնքներէն գոհ են: «Արդէն կան հետաքրքրուողներ թէ՛ գինեգործութեամբ զբաղողներէն, թէ՛ զբօսաշրջիկներէն: Պիտի փորձենք համադրել այս երկուքը: Ծրագիրը բաւական տարողունակ է եւ վերջնական արդիւնքին հասնելու համար շատ ժամանակ կը պահանջուի: Սակայն յոյս ունինք, որ յամառ աշխատքով այս տարի կը ստանանք որոշակի արդիւնք»,- լաւատես է Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան հարցերու նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետը:

2018-ի նորութիւններէն մէկն ալ զբօսաշրջային տեղեկատուական կեդրոններու հնարաւորութիւններու յաւելումը պիտի ըլլայ: Զբօսաշրջիկը Արցախի մէջ տեղեկատուութիւն ստանալու հնարաւորութիւն կ’ունենայ շաբաթը 7 օր, օրը 24 ժամ:

Ստեփանակերտ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին