Շաբաթ, 07. 09. 2024

spot_img

Հայաստանի Հիւպատոսարանը Գիրք Հաւաքելու Արշաւ Կը Կազմակերպէ՝ Յօգուտ Լոս Անճելըսի Գրադարանին

Կիրակի, Յունուար 7-ին Լոս Անճելըսի մէջ գործող Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան Համայնքի հետ կապի բաժինին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է գիրքի նուիրատուութեան արշաւ մը, որուն նպատակն է հարստացնել քաղաքի հանրային Կեդրոնական գրադարանին եւ անոր 72 մասնաճիւղերուն հայկական բաժիններու հաւաքածոն: Այս մասին կը փոխանցէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Հիւպատոսութեան կից Համայնքային յանձնախումբին ջանքերով կայացած է առաջին միջոցառումը, որուն ընթացքին ամերիկահայ համայնքէն անհատներ եւ տարբեր հաստատութիւններ 18 արկղ գիրք նուիրած են գրադարանին:

Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցած է Հայաստանի հիւպատոս Արմելլա Շաքարեան: Ան նշած է, որ այս նախաձեռնութեան հիմնական նպատակն է քաղաքի Կեդրոնական գրադարանը հարստացնել հայերու եւ Հայաստանի մասին գիրքերով՝ վստահեցնելով, որ այս նախաձեռնութիւնը կը խթանէ Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ գործակցութիւնը։

Գիրքի նուիրատուութեան այս նախաձեռնութիւնը ողջունած է նաեւ Լոս Անճելըսի Կեդրոնական գրադարանի տնօրէն Ճան Զապօ՝ նշելով, որ համաշխարհային մակարդակի հանրային գրադարաններու իրենց համակարգը՝ Կեդրոնական գրադարանով եւ 72 մասնաճիւղերով, հնարաւոր չէ պատկերացնել առանց հայկական բաժինի գիրքերու, ֆիլմերու եւ այլ նիւթերու, որոնք կը ներկայացնեն քաղաքին մէջ նշանակալից դեր ունեցող հայ համայնքը:

Համայնքային յանձնախումբի անդամ Քրիսթին Ճերեան յայտնած է, որ Լոս Անճելըսի հանրային գրադարաններու համակարգը հայկական գրականութեամբ հարստացնելու սոյն ծրագիրը պիտի շարունակուի ամբողջ տարուան ընթացքին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին