Չորեքշաբթի, 14. 05. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Յոյն Եւ Ասորի Համայնքներու Հոգեւոր Առաջնորդները Այցելեցին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարան

Թուրքիոյ յունական համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Կ․Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք Բարթողիմէոս Ա․-ն, ասորական ուղղափառ եկեղեցւոյ փոխպատրիարք Ֆիլուքսինոս Եուսուֆ Չեթին եւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր առաջնորդ Լեւոն Զէքեան Յունուար 8-ին այցելած են Պոլսի Հայոց պատրիարքարան:

Այս մասին, ըստ «Արցախփրէս»-ի, կը նշուի Պոլսի Հայոց պատրիարքութեան ֆեյսպուքեան էջին մէջ:

Առաքելութեան նպատակը եղած է յատուկ տօնական այցով շնորհաւորել Թուրքիոյ հայ համայնքի Սուրբ Ծննդեան տօները:

Հոգեւոր հիւրերը ընդունած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրուած տեղապահ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պեքճեանը:

Հանդիպման ընթացքին հոգեւոր հայրերը անդրադարձած են Թուրքիոյ փոքրամասնութիւննեու ներկայ վիճակին, քննարկած շարք մը խնդիրներ, հայկական, յունական եւ ասորական համայնքներու միջեւ փոխգործակցութեան հեռանկարները:

Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ այս եկեղեցիներու այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին