Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Երգ, Պար, Ցուցահանդէս. Ֆրանսայի Մէջ Արցախի Օրեր Կ’իրականացուին

Արցախի Հանրապետութեան տարբեր քաղաքներու հետ բարեկամութեան համաձայնագիրեր կնքած ֆրանսական քաղաքներու մէջ կ’իրականացուին մշակութային բազմապիսի ձեռնարկներ: Անոնք կ’իրականացուին Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրերու ծիրէն ներս: Հերթը Մարսէյլի Լէ Բեն Միրապօ քաղաքինն է, որ այս օրերուն լեցուած է արցախեան մշակոյթի շունչով: Ըստ «Armenpress.am»-ի՝ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Մարսէյլ: Ան նշած է, որ կ’իրականացուի բաւական յագեցած ծրագիր:

«Կայացաւ ֆրանսահայ իրաւաբան Ժիրայր Կերկերեանի «Լեռնային Ղարաբաղ. Անջատման եւ ինքնորոշման միջեւ» գիրքին շնորհանդէսն ու քննարկումը: Մասնակցած եմ նաեւ ես, ներկայացուցած եմ Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտութեան պատմութիւնը, ներկայ իրավիճակը, Արցախի պետական հիմնարկներու առանձնայատկութիւնները եւ տնտեսական յաջողութիւնները»,- ըսած է Արտակ Բեգլարեան:

Գիրքի ներկայացման զուգահեռ կազմակերպուած է ֆրանսացի լուսանկարիչի աշխատանքներու ցուցահանդէս ` արցախեան թեմայով: Ցուցահանդէսին ներկայ եղած է քաղաքապետը` իր աշխատակազմով, մարզային ծերակուտական, Ֆրանսայի մէջ ԱՀ ներկայացուցիչը, հիւրեր, տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Լէ Բեն Միրապօ քաղաքին մէջ ձեռնարկներուն մեկնարկը տրուած է Յունուար 6-­ին, երբ կազմակերպուած է ընդունելութիւն տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու, Ֆրանսայի խորհրդարանի նախկին պատգամաւորներու, տարբեր գործիչներու մասնակցութեամբ: Հայկական երգ ու պարը ներկայացուցած է Փարիզէն հրաւիրուած հայկական մշակութային խումբը: Արտակ Բեգլարեան տեղեկացուցած է, որ կը նախատեսէ հանդիպիլ տեղի հայ համայնքի եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներուն, որոնց հետ պիտի քննարկէ համագործակցութեան շարք մը ծրագիրներ:

Նշենք, որ Ֆրանսայի մէջ Արցախի օրերու ձեռնարկներուն մեկնարկը տրուած էր Նոյեմբերին, երբ Արցախի նախագահի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած էր Ֆրանսա:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին