Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Օփրա Ուինֆրի Խորհուրդ Կու տայ Ընթերցել Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Գիրքը

Ամերիկացի յայտնի հեռուստալրագրող եւ հաղորդավարուհի Օփրա Ուինֆրի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիրքը կը համարէ ընթերցանութեան համար պարտադիր:

Օփրա Ուինֆրիի պլոքը Երկուշաբթի յայտարարած է, որ «New York Times»-ի պեսթսելըր հեղինակ Քրիս Պոհճալեանի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին վէպը` «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» (The Sandcastle Girls), շաբաթուան պարտադիր ընթերցելու գիրք, կը յայտնէ «Սիվիլնէթ»-ը՝ վկայակոչելով Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը:

Յայտարարութիւնը առաջին անգամ տեղադրուած էր «Oprah.com» կայքին մէջ, որուն խմբագիրները իրենց հետեւորդներուն կը ներկայացնեն «ամենաթարմ գիրքերը, որոնցմէ անոնք ի վիճակի չեն կտրուելու»: Այս շաբաթ «Աւազէ ամրոցի աղջիկները»-ը կը գլխաւորէր այդ ցուցակը:

Իր 15-րդ`«Աւազէ ամրոցի աղջիկները» գիրքին մէջ Պոհճալեան մեզի կը տանի շատ իւրօրինակ ուղեւորութեան մը: Պատմութեան կծիկը ընթերցողին կ’ուղեկցէ 1915 թուականի Հալէպի, Սուրիոյ ճամբաներով` հասնելով մինչեւ 2012 թուական՝ Պրոնքսուիլ, Նիւ Եորք․ ուշագրաւ սիրոյ  պատմութիւն մը` համեմուած հեղինակի հայկական արմատներով, որուն պատճառով կը հեղինակին խիստ անձնական վէպը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին