Ուրբաթ, 16. 05. 2025

spot_img

Սուրիահայ Գարուն Եարալեանը Հայաստանը Պիտի Ներկակացնէ «Miss Tourism» Գեղեցկութեան Մրցոյթին

«Միսս զբօսաշրջութիւն Աշխարհ-2017» (Miss tourism world) մրցոյթին պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստանը: Այս մասին կը յայտնէ «Թոփ մօտել Հայաստան» ազգային ընկերակցութեան հիմնադիր Գէորգ Ասատրեանը:

«Հայաստանը առաջին անգամ ըլլալով՝ պիտի մասնակցի նման հեղինակաւոր եւ ներկայացուցչական մրցոյթի եզրափակիչին: Սոյն մրցոյթը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ տարուան Յունուար 8-էն 28 Մալեզիոյ մէջ:

«Հայաստանը այս մրցոյթին ներկայացնելու իրաւունքը տրուած է Գարուն Եարալեանին: Ան ընտրուած է չափազանց երկար տեւած ընտրութիւններէ ետք:

Մրցոյթի չափանիշներուն շատ քիչերը կը համապատասխանէին: Գարունը ընտրուած է իր քանի մը լեզուներու իմացութեան շնորհիւ»,- ըսած է Ասատրեան:

Գարուն Եարալեանը սուրիահայ է, վերջին տարիներուն հաստատուած է Հայաստան։ Կ’ուսանի Երեւանի գեղարուեստի պետական ակադեմիոյ մէջ։ Կը տիրապետէ մի քանի լեզուներու՝ հայերէն (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն), անգլերէն, արաբերէն, թրքերէն։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին