Դեկտեմբեր 11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութենէն ներս տեղի ունեցաւ լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի նիստը: Նիստին Հայաստանէն կը մասնակցէին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան, «Ազդակ» (Լիբանան) օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, լրագրողներու համահայկական 6-րդ համաժողովի համակարգող մարմինի նախագահ Շահան Գանտահարեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահի տեղակալ Գրիգոր Ճանիկեան, լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, «Հայկական Փի Ար ասոցիացիա» գիտատեղեկատուական ՀԿ-ի նախագահ Աստղիկ Աւետիսեան, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան, մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ էվելինա Պաղտասարեան, «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Լուսինէ Աբրահամեան, ինչպէս նաեւ նախարարութեան աշխատակիցներ:
Նիստին հեռակապով միացած էին Արցախի լրագրողներու միութեան նախագահ Կիմ Գաբրիէլեան, «Խօսնակ» ամսագրի (Լիբանան) գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, «Օրեր» ամսագրի (Չեխիա) գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան, «Զարթօնք» օրաթերթի (Լիբանան) գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, «Հորիզոն» շաբաթաթերթի (Գանատա) գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, «Պայքար» շաբաթաթերթի (ԱՄՆ) խմբագիր Յակոբ Վարդիվառեան, «Արարատ» օրաթերթի (Լիբանան) տնօրէնուհի Անի Եփրեմեան:
Ողջունելով նիստի մասնակիցներուն՝ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անդրադարձաւ Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համահայկական համաժողովի արդիւնքներուն եւ ձեռքբերումներուն: «Այս համաժողովը բացառիկ էր իր ընդգրկմամբ ու հնչեղութեամբ: Ի հարկէ, 1837 մասնակիցի հնարաւոր չէր լսել, խօսք տրամադրել, սակայն համաժողովի նիւթերու ժողովածուին մէջ կը հրատարակուին նաեւ այն մասնակիցներու ելոյթները, որոնք չկրցան համաժողովի ընթացքին հանդէս գալ»,- նշեց նախարարը: Հրանոյշ Յակոբեան սփիւռքեան լրատուամիջոցներու խմբագիրներուն ներկայացուց Սփիւռքի նախարարութեան սահմանապահ գիւղերու աջակցութեան ծրագիրը. նշեց, որ արդէն մի քանի գիւղեր սփիւռքի հայ համայնքներու կողմէ կը հովանաւորուին, ինչպէս նաեւ կարեւորեց ծրագիրի լուսաբանումը սփիւռքի մէջ: «Մեզի համար առաջնային է նաեւ հայրենադարձութեան թեմայի արծարծումը սփիւռքեան լրատուամիջոցներուն մէջ: Այսօր Հայաստանի մէջ հազարաւոր հայրենադարձներ կ’ապրին: Արդէն նախատեսած ենք կազմակերպել հայրենադարձներու հետ հանդիպումներու շարք: Անհրաժեշտ է աշխատիլ իրենց հետ, գրել իրենց մասին, ներկայացնել հայրենադարձութեան իրենց փորձը»,- ընդգծեց Հրանոյշ Յակոբեան: Նախարարը կարեւորեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ Էրեբունի-Երեւանի 2800-ամեակի միջոցառումներուն սփիւռքի աշխոյժ մասնակցութիւնն ու լայն լուսաբանումը:
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան պետ Վաղինակ Վարդանեան եւ նախարարութեան աշխատակազմի մամուլի եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ էվելինա Պաղտասարեան ներկայացուցին Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի լուսաբանման արդիւնքները՝ ընդգծելով, որ համաժողովը լայն արձագանգ գտաւ ե՛ւ սփիւռքեան, ե՛ւ հայաստանեան մամուլին մէջ, հնչեցին բազմաթիւ առաջարկներ, տեսակէտներ, լրատուամիջոցները ցուցաբերեցին կառուցողական մօտեցում: «Խօսնակ» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան նկատեց, որ համաժողովի կարեւորութիւնն ու հնչեղութիւնը այնքան մեծ էին, որ յետագային քննարկումներ ծաւալուեցան նաեւ սփիւռքի հայկական համայնքներէն ներս՝ Լիբանանի, Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի մէջ:
Այնուհետեւ նիստի մասնակիցները քննարկեցին լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովի խորագիրն ու թեմայական ուղղութիւնները, համաժողովի տեղի ունենալիք վայրը, օրերն ու ձեւաչափը: Նախնական քննարկաման արդիւնքով որոշում կայացաւ համաժողովը իրականացնել Մայիսի վերջը եւ Յունիսի սկիզբին: Մասնակիցները ցանկութիւն յայտնեցին ըլլալ նաեւ հայաստանեան սահմանապահ գիւղերուն մէջ, շրջիլ եւ ծանօթանալ տիրող իրավիճակին: Համաժողովի ընթացքին կը նախատեսուին նեղ մասնագիտական աշխատաժողովներ, փորձի փոխանակում, հանդիպումներ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտօնատար այրերու հետ:
Նիստի աւարտին Հայաստանի լրագրողներու միութեան նախագահի տեղակալ Գրիգոր Ճանիկեան «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին 35-ամեայ լրագրողական բեղուն գործունէութեան առիթով յանձնեց լրագրողներու միութեան «Հաւատարիմ մասնագիտութեան» ոսկէ մետալ: